Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34 ամեակին առիթով
Որեւէ ազգի համար իր անկախութիւնը սրբազան արժէք է ու իրաւունք եւ միաժամանակ անոր առողջ ու հզօր պահպանումը նուիրական պարտաւորութիւն է։ Այսպէ՛ս եղած է միշտ մեր ժողովուրդին համար, երբ իր անկախութիւնը պատմութեան ամէնէն դշխեմ պայմաններուն մէջ վերահաստատած է։ Այսպէ՛ս եղած է նաեւ Մայիս 28-ով յատկանշուող Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերակերտումը։ Անկախութիւնը ծով զոհողութեամբ ու հաւաքական յանձնառութեամբ, ի պահանջել հարկին նաեւ արեան վկայութեամբ կը կերտուի։
Մայիս 28-ի անկախութիւնը տասնամեակներ շարունակ մեր ժողովուրդին համար չեղաւ սոսկ անցեալի յուշ, այլ եղաւ մնայուն յուշարար ու ամէնօրեայ տագնապ, եռագոյնով դարձեալ ունենալու ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստան՝ ամբողջական հայութեամբ։ Հազար փա՜ռք Աստուծոյ եւ պատիւ մեր ժողովուրդին, որ 21 Սեպտեմբեր 1991-ին դարձեալ ունեցանք ազատ ու անկախ Հայաստան։
Ճի՛շդ է, այսօր Հայաստանը կը դիմագրաւէ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ՝ ներքին թէ արտաքին։ Ճի՛շդ է, այսօր Հայաստանը այն չէ ինչ որ մեր երազին պատկերով տասնամեակներ շարունակ ուզեցինք ունենալ։ Սակայն նո՛յն երազը ու իտէալը պէտք է պահել արծարծ։ Վա՜յ այն ժողովուրդին, որ չունի երազ ու իտէալ եւ զայն իրագործելու հաւատք, կամք ու յոյս։ Մեր ժողովուրդը կոչուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը պահել ամուր՝ իր պետական կառոյցներով, ներքին համերաշխութեամբ եւ յատկապէս հայրենի մեր ժողովուրդին զօրեղ կապուածութեամբ Հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն եւ արժէքներուն նկատմամբ։
Կարդացեք նաև
Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնի նշումը տօնակատարութենէ անդին պէտք է դառնայ հրաւէր՝ ամուր ու կանգուն պահելու մեր Հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակ ներքին բեւեռացումներէ ու զգայնութիւններէ։ Հայաստանը ողջ հայութեան Հայրենիքն է։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է մօտենան Հայաստանին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ Հայաստանի պետական պատասխանատուները պէտք է մօտենան Սփիւռքին։
Դժբախտաբար, ինչ-ինչ պատճառներով մենք կորսնցուցինք Արցախը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան կարեւոր կռուաններէն մէկը։ Ապրինք ու գործենք այնպէս, որ Հայաստանը երբե՛ք հեռու չմնայ Սփիւռքէն եւ Սփիւռքը՝ Հայաստանէն։ Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմէ հեռացնելը կամ անջատելը ազգային հերետիկոսութիւն է։
Արդարեւ, Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ողջ հայութեան՝ համախմբուելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերագոյն արժէքներուն՝ հողային ամբողջականութեան, անվտանգութեան ու գերիշխանութեան անվթար պահպանման ու առաւել հզօրացման շուրջ։ Այս գիտակից յանձնառութեամբ միա՛յն մեր Հայրենիքին անկախութեան նշումը իր ճշմարիտ ու ամբողջական իմաստն ու նպատակը կը ստանայ։
Թող Աստուած Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի մեր սրբազան հողին պաշտպանութեան ու պահպանման համար իրենց արիւնը թափած մեր նահատակները եւ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մարտի դաշտին վրայ վիրաւորուած մեր զինուորներուն։ Թող Աստուած Իր երկնային զօրութեամբ անսասան պահէ Հայաստանի՝ մեր սիրելի Հայրենիքին անկախութիւնը եւ միակամ՝ մեր ժողովուրդի զաւակները՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ