Մեզի այլեւս ո՛չ մէկ բանով չզարմացնող պահուածքով մը, 10 օր առաջ, Նիկոլ Փաշինեանի կողակից՝ Աննա Յակոբեանը գրառում մը կատարած էր իր ֆէյսպուքի էջին վրայ:
Ինքնագովազդին ու ցուցադրամոլութեան, ինչպէս նաեւ մի քանի գիրք միաժամանակ կարդալու իր չնաշխարհիկ կարողութիւնները բացայայտելու զուգահեռ, տիկին Յակոբեան կարգ մը յղումներ կ՛ընէ Էրտողանի «հանճարէն» ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի մասին վերջինիս իբր թէ միտքերուն: Ընթերցասէր տիկին Աննա Յակոբեանէն երեւի վրիպած է, որ ՄԱԿ-ի ոչ-նպատակայարմար, ժամանակավրէպ, եւ շատ յաճախ կողմնակալ եւ անարդար գործելաձեւն ու արձակած որոշումները, ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են միջազգային շատ մը մասնագէտներու, որոնց միտքերուն պարզապէս ընդօրինակութիւնն է, որ Էրտողան, կամ իր գիրքը գրողները ըրած են, ըստ երեւոյթին մեծապէս տպաւորելով այս գիրքը «կարդալու» համար ժամանակ տրամադրած Աննա Յակոբեանին:
Մեր օրերուն ապրող, ո՞ր մտածողին համար այլեւս ընդունելի է, օրինակի համար 193 երկիրներէ կազմուած միջազգային կազմակերպութեան, ոեւէ քուէարկութեան մը արդիւնքին չեղարկումը Ապահովական Խորհուրդի մնայուն 5 անդամներէն մէկուն կողմէ: Ո՞վ չի հասկնար, թէ նոյնիսկ եթէ ՄԱԿ-ի անդամակցող երկիներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը, անիմաստ է, երբ ան օրինակ՝ ամերիկեան կողմի ներկայացուցիչին մէկ վեթոյով ենթակայ է խափանումի:
Ո՞վ չի գիտեր, թէ անարդարութեան հասկացողութեան գագաթնակէտն է օրինակ, երբ ընդամէնը 68 միլիոն բնակչութիւն ունեցող Ֆրանսան, իր վեթոյի իրաւունքով, որպէս ԱԽ-ի մնայուն անդամ, կրնայ որոշել 1.5 միլիար բնակչութիւն ունեցող Հնդկաստանի ճակատագիրը…: Մարդ չմնաց, գերագոյն անարդարութեան վրայ հիմնուած Թուրքիոյ պէս երկրի մը նախագահ՝ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողա՞նն է, որ մեզի պէտք է յուշէ այս բոլորի մասին…:
Կարդացեք նաև
Ըստ երեւոյթին տիկին Յակոբեանի համար նաեւ նորութիւններ էին նշեալ գիրքին մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու տարեկան զեկոյցներէն ընդօրինակուած վիճակագրական տուեալները, զորս ուզած է հանրութեան հետ կիսել: Ափսոս, որ սակայն իրմէ վրիպած է կամ չէ ուզած նշել այն փաստը, որ նշուած «աւելի քան 80 միլիոն բռնի տեղահանուած»-ներուն մէջ 2022-էն ի վեր ընդգրկուած են աւելի քան 100 հազար Արցախահայեր, որոնց բռնի տեղահանումին մէջ, նոյնինքն՝ «մեր հարեւան երկրի նախագահը» ունի «պատուոյ» դեր:
Ամէն պարագայի, յիշելով Էրտողանի կողքին Նիկոլ Փաշինեանին այս անհասկնալիօրէն լայնաժպիտ լուսանկարը, ինձ կը թուի, թէ ՀՀ Վարչապետէն ետք հերթը Հայաստանի Առաջին տիկնոջն էր երեւի գովազդելու Էրտողանի գիրքը:
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Զարթոնք» օրաթերթում