Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկը վերաբացաւ իր դռները եւ առաջին զանգով աւետեց Հիմնարկի վերամուտը։ Պէտք է ըսել, որ Հայագիտական հիմնարկը իր հիմնադրութենէն ի վեր արժանացած է Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդներուն, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեանց եւ Միաւորի վարչութեանց հոգատարութեան։
Ահա թէ ինչո՛ւ առաջին զանգը լոկ ուսանողներուն եւ դասախօսներուն համար բերկրանքի պահ մը չէր, այլեւ կը վայելէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի հովանաւորութիւնը, հոգեշնորհ հայր սուրբերու, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ․ Վարչութեան, Հիմնարկի Վարչութեան, Տնօրէնութեան, դասախօսներուն եւ ուսանողներուն համախումբ ներկայութիւնը։
Բացման խօսքով հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Հուրի Էպլիղաթեան-Մաղաքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, յայտնելով որ Համազգայինը կրթական եւ մշակութային միութիւն մը ըլլալէ անդին, մեր ուսանողներուն կը ջամբէ հայագիտական քառամեայ բարձրագոյն ուսում, իսկ հիմնարկի դասախօսները ամենայն բծախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը։
Այնուհետեւ հիմնարկի տնօրէնուհի Սիլվա Ճապաղջուրեան անդրադարձաւ հիմնարկի պատմութեան եւ առաքելութեան, նշելով որ այս տարի Հայագիտականը կը թեւակոխէ իր 29-րդ տարին։ Յիշելով հիմնադիրներու նուիրական աշխատանքն ու անոնց բացած ուղիի արդիւնաւէտ ընթացքը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան՝ իրենց զօրակցութեան համար, գնահատեց դասախօսները եւ ուրախութեամբ ներկայացուց այս տարուան ուսանողները։ Ճապաղջուրեան յորդորեց ուսանողները քաջալերել իրենց ծանօթ երիտասարդները՝ հետեւելու Հայագիտական հիմնարկի դասընթացքին, որպէսզի հետագային մեր դպրոցներէն եւ միութիւններէն ներս ծառայողներու, ինչպէս նաեւ հայագիտական նիւթեր ուսումնասիրողներու ստուար թիւ մը ունենանք։
Ճապաղջուրեան սրբազան հօր ներկայացուց նաեւ հիմնարկի այլ կարգերու ժրաջան ուսանողները, իր գոհունակութիւնը յայտնելով անոնց հետեւողական ընթացքին եւ լուրջ մօտեցումին համար։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Արք․ Աշգարեան օրուան եզրափակիչ խօսքով իր ուրախութիւնը յայտնեց վերամուտին առիթով եւ մատնանշեց սփիւռքի մէջ հայագիտական հիմնարկներու կարեւորութիւնը՝ նոր սերունդները մայրենի լեզուին, հայոց պատմութեան, գրականութեան իրազեկ դարձնելու, որովհետեւ պատմութիւնն ու լեզուն իմանալով կը պահպանենք մեր ինքնութիւնն ու կառչած կը մնանք արմատներուն։
Կարդացեք նաև
Մակար սրբազան ըսաւ որ Հայագիտութիւնը գիտական ուսմանց այն ամբողջութիւնն է, որուն նպատակն է կարելի յստակութեամբ, ճշգրտութեամբ եւ ամբողջականութեամբ լոյսին տակ բերել հայ ժողովուրդի անցեալի կեանքը իր բոլոր երեսներուն եւ երեւոյթներուն մէջ՝ նախապատմական ժամանակներէն մինչեւ մեր ներկայ կեանքը։
Սրբազան հայրը կարեւոր համարեց հայագիտական ուսումը՝ յատկապէս ապագայ հայերէնաւանդ ուսուցիչներ պատրաստելու առումով, շեշտելով որ գիտելիքը տարիք չունի, ոչ ալ գորոզ պէտք է դարձնէ ուսանողը, որովհետեւ մարդ ընդմիշտ պէտք է սորվի ու զարգանայ՝ քայլ պահելու ժամանակակից աշխարհին հետ։
Հուսկ սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ․ Վարչութիւնը, Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութիւնը, Տնօրէնութիւնը, դասախօսները եւ ուսանողները, բարի եւ արգասաբեր տարի մաղթելով բոլորին։
Աւարտին ներկաները միասնաբար, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ հնչեցուցին առաջին զանգը, որ ուսումնական նոր ու խոստմնալից տարուան մը սկիզբը կ՛աւետէր։
Այս առիթով Մակար սրբազան իր հեղինակութեամբ եւ թարգմանութեամբ հրատարակուած գիրքերէն օրինակներ նուիրեց Հայագիտական Հիմնարկի ուսանողներուն։
Հիմնարկի վարչութեան այս առիթով պատրաստած համեղ հիւրասիրութիւնը վայելելով, Հայագիտականի ջերմ ընտանիքի անդամները զրուցեցին ու բարի վերամուտի մաղթանքներով բաժնուեցան։
Արարողութեան աւարտէն ետք, սրբազան հայրը հանդիպում ունեցաւ հիմնարկի դասախօսներուն եւ տնօրէնին հետ։