ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս
ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառին
Վեհափառ Տէր,
Քիչ առաջ, եւ ի մեծ զարմանս ինծի, Հայաստանի Կառավարութեան լրատուական բաժինը, հետեւեալ լուրը տարածեց. «Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանն ընդունել է Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսյանին։
Արքեպիսկոպոսը Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա–ի անունից վարչապետ Փաշինյանին է նվիրել Արամ Ա–ի գահակալության 30–ամյակի առիթով հրատարակված հատորը։ Արքեպիսկոպոսը վարչապետ Փաշինյանին է փոխանցել նաև Արամ Ա կաթողիկոսի ջերմ ողջույններն ու օրհնությունը»:
Հասկնալով հանդերձ, որ տուեալ այցելութեան ժամադրութիւնը նախօրոք առնուած կրնար ըլլալ, սակայն նման լուր մը իմ մօտ անհեթեթութեան (absurd) ժանրի տպաւորութիւն ձգեց եթէ նկատի ունենանք, որ ան զուգադիպեցաւ նոյնինքն այս վարչապետին գլխաւորած իշխանութեան կողմէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիի մեծաթիւ հոգեւորականներու ձերբակալումէն ընդամէնը օր մը ետք,: Բնականաբար եւ ամէն պարագայի, կ՛ենթադրեմ նաեւ, որ ամիսներէ ի վեր երկու ծանօթ Սրբազաններու կալանաւորումէն կամ Մայր Աթոռի դէմ աննախադէպ արշաւանք շղթայազերցելէ առաջ չէ, որ ժամադրութիւն առնուած կրնար ըլլալ, բան մը, որ ամէն պարագայի կարելի էր չեղարկել…:
Կարդացեք նաև
Ուրախ եմ, որ աւելի ուշ, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տարածած լուրը ունեցաւ հետեւեալ վերջաբանը, որ կը պարունակէր ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական հաղորդագրութենէն տարբեր մանրամասնութիւն, որուն անհամբեր եւ մեծ յոյսով կը սպասէի. «Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու պետութիւն֊եկեղեցի յարաբերութեան։ Շահան սրբազան յանուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց պետութիւն֊եկեղեցի գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Միաժամանակ ան արծարծեց հոգեւորականներու ձերբակալութեան հարցը եւ այդ գծով անհրաժեշտ լուծումներ որոնելու հրամայականը»։
Խնդիրը կը մնայ այն սակայն, որ միշտ հաւատացած էի, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունի այն իմաստութիւնը, քաղաքական հոտառութիւնն եւ փորձը, որ նախապէս կռահէր թէ նման այցելութիւն մը այս պահուն, չարաչար պիտի օգտագործուի իշխանական քարոզչամեքենային կողմէ:
Ի տես այս իրավիճակին ու հակասական կացութեան, պէտք չէ մեղադրել ուրեմն եթէ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք Հայաշխարհը կոչեն Lala Land: Ուրիշներ այս օրերուն նման այցելութիւն մը որակէն, որպէս անշնորհքութիւն (չմոռնանք, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան լրատուութիւնը չունի ՀՀ իշխանական լրատուութեան հասանելիութիւնը): Մինչ աւելի եւս չարամիտներն ու «դաւադրութեան տեսութեան» հակողները, եղածին մէջ պիտի տեսնեն նախապատրաստութիւն, 1995-ին Անթիլիասէն Էջմիածին Կաթողիկոս ներածումի կարգադրութեան նմանող տարբերակի մը, որ ես գոնէ, ճանչնալով Ձեր Վեհ ու խոհուն անձնաւորութիւնը, այս պահուս կը բացառեմ:
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Զարթոնք» օրաթերթում