Ճգնաժամը համաշխարհային է: Բայց Լիբանանի ճգնաժամը դժնդակ է:
Տաժանելի է:
Դժոխային է:
Հոն լիբանանցիին տարիներու վաստակը մէկ օրուան մէջ կլանուեցաւ դրամատուներուն[՞] կողմէ:
Կարդացեք նաև
Հոն լիբանանցին հացի կարօտ է, բառին ամենադաժան իմաստով:
Հոն լիբանանցին կ՛ապրի մարդու տարրական իրաւունքներու ոտնակոխման պայմաններու մէջ:
Լիբանանի ճգնաժամը նոր չէ, սակայն անոր ականջալուր չէինք կամ չէինք ուզեր ըլլալ, որովհետեւ լիբանանցին կը տոկար:
Աւելի՛ն ան ձեռք կ՛երկարէր սուրիահայ իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, երբ անոնք պատերազմի արհաւիրքէն հասած էին Լիբանան:
Տակաւին կը հանգանակէր Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Թող այս անգամ մեր սրտերը բաբախեն Լիբանանի համար, որուն հետ, օրին մէկը, առնչուած եղած ենք գրէթէ բոլորս, խմած ենք անոր ջուրը, սորված ենք անոր փորձառութիւններէն:
Լիբանանին համար, որպէսզի «Ազդակ»-ն ու «Վանայ ձայն»-ը շարունակեն մտնել մեր տուները, ամէնուրեք:
Հասնի՛նք լիբանանահայութեան: Տա՛նք մեր լումաները լիբանանահայութեան համար` օրինակ առնելով Սուրիոյ հայութեան մեր օժանդակութեան փորձառութենէն: Ուղարկենք կեդրոնական մեր կառոյցին , ան լաւ գիտէ ինչպէս յատկացնել, ուր որ անկ է:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: