Լրահոս
Չպատարագ
Օրվա լրահոսը

Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում: Կարիքը ունինք նոր ղեկավարներու, որպէսզի դուրս գանք ներկայ ճահճացած վիճակէն. Արամ Ա

Հոկտեմբեր 22,2025 13:13

Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ին, Թորոնթոյի մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 30 ամեակը:

Արդարեւ, հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Խաժակ Գուլաճեան: Վեհափառ Հայրապետին անձնուէր ծառայութիւնն ու բազմաճիւղ գործունէութիւնը հետեւեալ բառերով որակեց ան. «Երեք տասնամեակ առաջ հայ ազգիս կամքով հայրապետական Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ Աթոռի գահին ծառայելու համար ընտրուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափառը: Անոր 30-ամեայ գահակալութեամբ, Սուրբ Աթոռը եւ Սուրբ Աթոռին ընդմէջէն անթիլիասական դիմագիծը փառաւորուեցաւ եւ հովուապետական գաւազանը ծաղկեցաւ Արամ Ա. Վեհափառին եկեղեցաշինութեամբ, նուիրումով, նախանձախնդրութեամբ, աներկիւղ կամքով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարեզարդումով եւ մշտարթուն հովուութեամբ»:

Գուլաճեան իր խօսքին մէջ լայն տեղ տուաւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած դէպքերուն նկատմամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային հարցերու շուրջ յայտնած յստակ կեցուածքին: Իր խօսքի աւարտին ան իր որդիական բարեմաղթութիւնները յայտնեց Հայրապետին՝ ըսելով. «Որդիական խոնարհութեամբ կը շնորհաւորենք Ձեր գահակալութեան 30-րդ տարեդարձը՝ մաղթելով արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու քաջառողջ գահակալութիւն։ Թող նորանոր արարումներով ու ձեռքբերումներով զարդարուի հայրապետական գաւազանը՝ ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն Հայրենիքիս եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին, ի միասնութիւն ազգիս հայոց եւ ի պահպանում հայ ազգային արժէքներու»:

«Հոգի Տեառն ի վերայ իմ, վասն որոյ եւ օծ իսկ զիս. աւետարանել աղքատաց առաքեաց զիս» (Ես 61.1-2) աստուածաշնչական մէջբերումով իր որդիական երախտագիտութեան խօսքը սկսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան: Ան յետադարձ ակնարկ կատարելով՝ յիշեց 57 տարի առաջ Նորին Սուրբ Օծութեան քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը՝ զայն որակելով առաքելութեան մեծ երթի սկիզբ:

Ապա, սրբազան հայրը ընդգծեց. «Սուրբ Հոգւոյ շնորհքներով զարդարուած Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը, մեր ժամանակակից պատմութեան ճակատագրական եւ անկիւնադարձային պահերուն, իբրեւ քաջ հովիւ եւ հմուտ ղեկավար, հայ ազգը առաջնորդեց դէպի խաղաղ ափեր: Անմնացորդ ծառայութիւնը Նորին Սրբութեան, ուսանելի կեցուածքները մեր Հայրապետին եւ ոգեւորիչ պատգամները Արամ Ա. Կաթողիկոսին, լուսաւորեցին հայ ազգի գոյերթը: Արդ, Ձեր ծառայութեան դիմաց որդիաբար կը խոնարհինք, Վեհափառ: Դուք Ձեր կեանքը ընծայեցիք հայ ազգի գանձանակին մէջ: Սիրելի ազգակիցներ, թոյլ տուէք, այստեղ ձեր ջերմ սիրոյն ու վառ զգացումներուն արտայայտիչը հանդիսանալով՝ ըսեմ. կեցցէ՛, կեցցէ՛ հայ ազգը. կեցցէ՛, կեցցէ՛ Արամ Վեհափառը»:

Հայրապետին երեսնամեայ գահակալութեան նուիրուած երեկոյեան աւարտին, հայրապետական օրհնութեան խօսք արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, թեմի ազգային վարչութեան, համայնքային կեանքին մէջ գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ներկաներուն: Ապա, Հայոց Հայրապետը անցեալը իրատես մօտեցումով դիտելու եւ եղելութիւնները առարկայականօրէն քննադատելու հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «Նման պահեր յիշեցումի, յիշատակի, անցեալին նայելու, որոշ դէպքեր ու դէմքեր յիշելու առիթներ են: Բայց այս բոլորէն վեր, երբ կը փորձենք անցեալին նայիլ իրապաշտ մօտեցումով, պէտք է անցեալը քննենք իր շրջագիծէն ներս՝ անցեալի ժամանակներու, պայմաններու, կացութիւններու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ: Ես կը հաւատամ, որ անցնող 30 տարիները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ նոր էջ բացող տարիներ եղան: Հակառակ տագնապներուն, մեր Սուրբ Աթոռը իր առաքելութիւնը անվեհեր ձեւով շարունակեց: Անհրաժեշտ է ո՛չ զգացական մօտեցումով, այլ իրատես հայեցակէտով դիտել, արժեւորել, գնահատել ու քննադատել այն ինչ որ կատարուեցաւ մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ՝ մեր ժողովուրդին համար»:

Նորին Սրբութիւնը յիշելով 30 տարի առաջ իր կաթողիկոսական օծման անդրանիկ պատգամին մէջբերած սաղմոսը՝ ըսաւ. «Սրբազան խորանէն, երբ ստացայ կաթողիկոսական օծումը, սաղմոսին բարերով ըսի՝ «ցոյց տուր ինծի այն ճանապարհը, ուրկէ պէտք է քալեմ»: Կը հաւատամ, որ Տէրը այդ ճանապարհը ցոյց տուաւ եւ զիս առանձին չձգեց: Այդ ճամբէն քալեցի՝ իմ առջեւ ունենալով մեր ժողովուրդը, անոր կարիքներն ու սպասումները: Իմ կարողութեան ու կարելիութեան սահմաններէն ներս տուի՝ այն ինչ որ կրնայի տալ»:

Վեհափառ Հայրապետը շարունակելով իր խօսքը՝ անդրադարձաւ ամեակները նշելէ անդին երթալու կարեւորութեան. «Ամեակները միայն անցեալին նայելու առիթներ չեն, այլ ապագային նայելու՝ ապագայատեսիլ ու նպատակասլաց մօտեցումով: Վայ այն անձին կամ կազմակերպութեան կամ կառոյցին, որ իր կեանքը կը չափէ արեւածագէն սկսելով մինչեւ արեւմար՝ սահմանափակ կերպով. հարկ է դիտել անկէ անդին: Ես կը փորձեմ այս մօտեցումով դիտել անցնող 30 տարիները: Սակայն, 30 տարիներու արժեւորումը կատարելու համար, պէտք է ճիշդ, համապարփակ եւ իրատես մօտեցումով արժեւորել մեր ներկան»:

Հայ կեանքը յուզող ներկայ իրադարձութիւններուն լայն տեղ տալով՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Այսօր հայ կեանքը իր պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին կը գտնուի: Ես կ՚ուզեմ հետեւեալ խիտ բառերով բնորոշել, բնութագրել մեր ներկայ կեանքը. Հայրենիքը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում եւ Սփիւռքը` դէպի ինքնամաշում. հարկ է առաջքը առնել այս վտանգին` համահայկական ճիգով: Զգացական պոռթկումներէ, անիրատես արժեւորումներէ հեռու պէտք է մնանք:

Մենք չենք կրնար մեր ապագան տեսնել, ճշդել ու ծրագրել պատահական ու պարագայական մօտեցումներով, կեցուածքներով, լոզունգներով, դատապարտումներով: Մենք մեր ժողովուրդին ապագան կը կերտենք իրատես մօտեցումով՝ քննելով մեր ներկան եւ ճիշդ դիտելով մեր ապագան եւ ընթանալով այն ճամբէն, որ կը տանի մեր Հայրենիքին փրկութեան եւ ազգին բարօրութեան»:

Ապա, Հայրապետը վերանորոգումի անյետաձգելի հրամայականը շեշտելով՝ ըսաւ. «Ահաւասիկ, կ՚ապրինք մեր պատմութեան խաչմերուկին: Այս կացութեան դիմաց, մենք կարիքը ունինք նոր ղեկավարներու, նոր մօտեցումներու, նոր կեցուածքներու, որպէսզի դուրս գանք ներկայ ճահճացած վիճակէն: Կրկնութիւններով մենք չենք կրնար յառաջ երթալ, մասնաւորաբար ներկայ ճարտարագիտական նորութիւններով եւ ամէնօրեայ փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակներուն մէջ:

Չենք կրնար ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ ապրիլ: Պէտք է բացուինք եւ տեսենենք, թէ ո՛ւր կ՚երթայ մեր ժողովուրդն ու Հայրենիքը: Աշխարհագրական պայմանները մնայուն փոփոխութեան մէջ են. կեանքը՝ մնայուն եղաշրջումի մէջ: Այս բոլորին դիմաց հարցում՝ ո՞ւր ենք մենք: Այսօր յոյժ կարիքը ունինք նոր արիւնի եւ նոր աւիշի: Այս բոլորը պիտի գան մեր երիտասարդներէն: Անոնք ներկայ աշխարհը կը ճանչնան: Անոնց մօտեցումը այսօր բոլորովին տարբեր է. աւելի իրատես են ու աւելի գործնական: Թոյլ չտանք, որ մեր երիտասարդները հեռանան մեր կեանքէն: Մենք լայն տեղ պէտք է տանք երիտասարդութեան. պէտք է վստահինք մեր երիտասարդներուն, որովհետեւ անոնք պիտի կերտեն մեր ժողովուրդի ապագան: Երբ նոյն աթոռներուն վրայ նո՛յն անձերը կը նստին՝ կաղապարուած նոյն մտածումներով, աթոռն ալ կը մաշի, աթոռին վրայ նստողներն ալ կը մաշին»:

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Հայաստանին եւ Սփիւռքին պարազած ներկայ իրավիճակին՝ յայտնեց. «Տարիներ առաջ ըսի, թէ Հայաստանը կը պարպուի. եւ Հայաստանը կը շարունակէ պարպուիլ. իսկ այսօր կ՚ըսեմ, թէ Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի ինքնաքանդում։ Ինչպէ՞ս կարելի է այս ընթացքը կասեցնել: Ահաւասիկ Սփիւռքին դերը: Սփիւռքն ալ, իր կարգին, լաւ պայմաններու տակ չէ: Մենք մեր գաղութներուն մէջ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ տագնապներու դիմաց կը գտնուինք: Այսօր, աւելի քան երբեք, Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալ կ՚ենթադրէ ամէնօրեայ տագնապ ու մաքառում: Հայաստանի մէջ հայը կ՚ապրի իր հայրենի հողին վրայ, կը շնչէ անոր օդը եւ կը խմէ անոր ջուրը, մինչ Սփիւռքի մէջ հայ ըլլալը դիւրին չէ: Սփիւռքի հայը տասնամեակներ շարունակ ըլլալու եւ չըլլալու երկընտրանքին դիմաց էր, եւ ընտրեց հա՛յ ըլլալ: Հայ մնալու համար մեր կեանքը վերածեցինք պայքարի:

Այսօր Սփիւռքը, որեւէ ժամանակէ աւելի, ընելիք ունի, քան՝ ըսելիք: Ըսելիքներով մեր կեանքը չլեցնենք, այլ՝ ընելիքներով լեցնենք, հարստացնենք ու արժեւորենք: Ա՛յս կը պահանջուի մեր ժողովուրդէն եւ այս առումով Սփիւռքին դերը էական է: Հայաստանի փրկութեան ու վերականգնումին մէջ Սփիւռքին դերը ես կը նկատեմ առաջնահերթ: Այս պատճառով, մենք, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, սկսանք Սփիւռքի վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի գործընթացքին, քանի Հայաստանի հզօրացումը պայմանաւորուած է Սփիւռքի հզօրացումով: Ահաւասիկ մեր դիմաց կանգնող հսկայ մարտահրաւէրը»:

Իր հայրապետական օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոսը լուսարձակի տակ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութիւնը. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Անթիլիասի չորս պատերուն մէջ գործող, աղօթող ու մտածող կեդրոն մը չէ. Անթիլիասը մեր ժողովուրդին հաւաքական կեանքին մէջ մայր էջին վրայ, առանցքային դերակատարութիւն ունեցող ներկայութիւն է՝ իր խօսքով ու գործով: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարին առաջնահերթ գիծին վրայ կը գտնուի. այսպէ՛ս եղած է անցեալին, այսպէ՛ս է այսօր եւ այսպէ՛ս պիտի մնայ ապագային: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, մէկ նպատակ ունի՝ Հայրենիքի փրկութիւն, Հայրենիքի հզօրացում, Հայրենիքի վերականգնում ու վերածաղկում, որ պէտք է սկսի Սփիւռքով: Մեր գաղութները, ամէն տեղ, վերականգնումի գործնական ընթացքի մէջ են եւ այս գործընթացքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը առանցքային է: Այս գիտակցութեամբ կը գործէ մեր Սուրբ Աթոռը՝ մեր թեմերուն աջակցութեամբ»:

Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» օրհներգին երգեցողութեամբ:

Հանդիսաւոր յայտագրէն ետք, Թորոնթոյի մէջ գործող համայնքային մարիմններու ներկայացուցիչները սեղանակից դարձան Վեհափառ Հայրապետին։ Այս առիթով անոնք զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին եւ ներկայացուցին յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, դարձեալ շեշտեց մեր կառոյցները վերակենսաւորելու հրամայականը:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031