Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմ հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեցին ազգայիններ եւ բարերարներ, միաժամանակ հայրապետը ինք այցելեց շարք մը կառոյցներու ու մարմիններու.
– Ընդառաջելով Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հրաւէրին, Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Համազգայինի նոր կեդրոնատեղին եւ ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով՝ ըսաւ, թէ մեր մշակութային արժէքներու պահպանումը եւ տարածումը հրամայական առաքելութիւն մըն է, որուն լծուած է Համազգայինը։
– Վեհափառը նախագահեց Մայք Սարեանի գնած հիւանդանոցի բացման հանդիսութեան, ուր իր խօսքը ուղղելով՝ կաթողիկոսը գնահատեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը եւ կոչ ուղղեց գործակցելու Ազգային առաջնորդարանին հետ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:


















































