Դեռ քանի մը, օր առաջ Ատրպէյճանի հոգեւոր Առաջնորդ եւ Կովկասի մահմետականներու վարչութեան ղեկավարը՝ շէյխ ըլ իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ ժամանած էր Վատիկան եւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին «աւետած», թէ Ատրպէյճանի մէջ պիտի կառուցուի Կաթողիկէ նոր եկեղեցի մը, շեշտելով, թէ իր երկրին մէջ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ոտնակոխ չեն ըլլար եւ ընդհակառակը՝ հաւասարապէս կը յարգուին։ Հարց է, թէ Պապը ինչպէ՞ս կուլ տուաւ նման սուտ, երբ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ պատահեցաւ Արցախի ժողովուրդին ու մեր դարաւոր ժառանգութիւններուն…
Իսկ շաբաթ մը առաջ, Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուեցաւ «Վերադարձի իրաւունքը միջազգային օրէնքին մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը, եւ այդ՝ գործակցաբար ոչ-կառավարական «Խղճի ազատութիւն» (Freedom of Conscience) կազմակերպութեան հետ։
Այս կազմակերպութիւնը կը պաշտպանէ կրօնական կամ հոգեւոր բոլոր այն խմբաւորումները, որոնք կը դիմագրաւեն խտրականութիւն, եւ կը պայքարին, որպէսզի անոնց կրօնքի եւ հաւատքի ազատութեան իրաւունքը ճանչցուի։ Դեռ աւելին, այս կազմակերպութիւնը կը հաւաքագրէ վկայութիւններ՝ խտրականութեան եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու մասին, որոնք կ’ազդեն կրօնական կամ հաւատքի հիմ ունեցող համայնքներու վրայ, եւ զանոնք կը փոխանցէ միջազգային կառոյցներու՝ նպատակ ունենալով տեղեկացնել եւ խթանել քննարկումներ՝ կրօնի եւ հաւատքի ազատութեան պաշտպանութեան շուրջ։
1995-ին հիմնուած այս աշխարհիկ՝ եւրոպական հասարակական կազմակերպութիւնը միացեալ ազգերու ծիրին մէջ ունի խորհրդակցական կարգավիճակ, բնականաբար նպատակ ունի պաշտպանել կրօնքի եւ հաւատքին ազատութեան իրաւունքը։
Հաւանաբար հայորդիին, կամ առ հասարակ արդարամիտ մարդ էակին համար, այս կազմակերպութիւնը` արցախահայութեան իրաւունքն ու վերադարձը ապահովող «բանալի» հիմնարկներէն մէկը սեպուի, որովհետեւ պայքար կը մղէ կրօնական կամ հաւատքի հիման վրայ ամէն տեսակի խտրականութեան դէմ՝ զգուշացնելով եւրոպական ու միջազգային կառոյցները նման տագնապներէ։ Արդեօք ՔՊ-ական ազգային փորձանք՝ «խունթա»-ն ամենաթոյզն գաղափարը ունի՞ այս կազմակերպութեան մասին։ Անդին, ՔՊ-ապետ ու կցորդներ առիթ չեն փախցներ վազելու այնպիսի համաժողովներու, որոնցմէ Հայաստանին ու Արցախին որեւէ բարիք չ’ակնկալուիր…
Կարդացեք նաև
Եւ ի՞նչ պատահեցաւ. պատահեցաւ այն, որ այդ խորհրդաժողովը, իր վարձուած եւ վարձատրուած՝ անգլիացի, ֆրանսացի, իտալացի, զուիցերիացի եւ անշուշտ ազերի մասնագէտներով՝ ընդամէնը շուրջ 120 հոգի, արծարծեց երեւակայածին «Արեւմտեան Ատրպէյճանցիներ»ու՝ իրենց երեւակայական պատմական հողեր վերադարձի հարցը։ Սա ուրիշ ապտակ մըն էր ՔՊ-ականներու «խաղաղութիւնը եկած է» յոխորտանքներուն:
Ներկայացուեցաւ «համայնքի ստեղծման պատմութիւնը», անոր հիմնական նպատակներն ու գործունէութեան ուղղութիւնները։ Յերիւրածոյ հաստատումներով՝ նշուեցաւ, թէ արեւմտեան ատրպէյճանցիները անցեալ դարու ընթացքին՝ համակարգուած եւ աստիճանաբար դուրս հանուած էին իրենց պատմական հողերէն։ Նոյնիսկ շեշտուեցաւ, թէ Հայաստանը իրականացուցած է համակարգուած հալածանք եւ այդ պատճառով նիւթական վնասները կը հասնին միլիառաւոր տոլարներու․․․։ Իսկ ի՞նչ պատահած է Նախիջեւանի մէջ, յետոյ, դեռ երէկ՝ Արցախի մէջ…
Աւելին, կազմակերպուած էր լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ պատրաստուած էր այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ատրպէյճանի Համայնք»ի կողմէ. կը ցուցադրէին իբր թէ պատմական հողերուն վրայ ոչնչացուած մշակութային ժառանգութեանց եւ յուշարձաններու օրինակներ։ Այնքան մը լաւ «շինուած» ստաբարոյ այս ժողովին՝ մասնակիցներուն բաժնուած էին «Համայնք»-ին պատրաստած բազմաթիւ տեղեկատուական նիւթեր։
Հուսկ, մասնակիցները շեշտեցին, որ վերադարձի իրաւունքը ամրագրուած է միջազգային օրէնքով, իբրեւ մարդու հիմնական իրաւունքներէն մէկը։ Իսկ ո՞վ պիտի արծարծէ ու պաշտպանէ արցախցիներու, նախիջեւանցիներու եւ ընդհանրապէս իր պատմական հողերէն բռնագաղթուած հայերու մարդկային տարրական իրաւունքը: ՔՊ-ականներուն համար, նման մտածողութիւն ընդունելի չէ, որովհետեւ Պաքու եւ Անգարա չեն արտօներ…
Կարելի՞ է երեւակայել նման խայտառակ կացութիւն եւ դեռ հաւատալ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին․․․: Կարելի՛ է, եթէ թրծուած էք թշնամիէն ներածուած մտածողութեամբ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

















































