Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՆԵՆՍԻ ՓԵԼՈՍԻ
Շաբաթ, 8 Նոյեմբեր 2025-ի յետմիջօրէին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսի նախկին նախագահ եւ այժմ ծերակուտականի անդամ Նենսի Փելոսի (Nancy Pelosi), իր խորհրդականին, ինչպէս նաեւ ծերակուտականի անդամ Աննա Էշուի (Anna Eshoo) ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեան եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումը ընդգրկեց շարք մը հարցերու քննարկումը՝ Հայաստանէն մինչեւ Լիբանան, Միջին Արեւելեք եւ Միացեալ Նահանգներու հայ գաղութը:
Կարդացեք նաև
Նենսի Փելոսի Ամերիկայի Դեմոկրատ կուսակցութեան բարձրագոյն ղեկավարներէն է եւ նոյն կուսակցութեան անդամներուն մօտ մեծ վարկ կը վայելէ: Ան միշտ մօտ եղած է հայ գաղութին եւ հայ ազգի իրաւունքներու պաշտպանութեան իր զօրակցութիւնը յայտնած է:
Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, արեւմտեան Ամերիկեայի Հայ Դատի գրասենեակին կազմակերպած ճաշկերոյթին, Վեհափառ Հայրապետը եւ Նենսի Փելոսին իրենց խօսքերը ուղղած էին:




















































