Երկուշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին, շրջագայեցաւ աշխարհի ճարտարագիտութեան կեդրոն Սիլիքոն Վալի (Silicon Valley) մէջ։ Հակառակ Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան խճողուած ծրագիրին, վերջին օրը, իր փափաքով, ան ուզեց տեղեակ դառնալ ճարտարագիտութեան վերջին գիւտերուն` այցելելով Սիլիքոն Վալիի մէջ հաստատուած գլխաւոր ընկերութիւններուն։
Նորին Սուրբ Օծութիւնը յատկապէս այցելեց Nvidia, Intel եւ Apple ընկերութիւններուն կեդրոնատեղիները, առաջնորդութեամբ նոյն քաղաքին մէջ գործող Սինոփսիս (Synopsys) հաստատութեան տնօրէն դոկտ. Երուանդ Զօրեանի։ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեան, նոյն վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթէպլեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու ու գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, Սան Ֆրանսիսքոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արցախ Քհնյ. Պատոյեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեան եւ ազգայիններ։
Այցելութեան ընթացքին թէ՛ յիշեալ ընկերութիւններու պատասխանատուները եւ թէ՛ դոկտ. Զօրեան լայն բացատրութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն եւ վերջին շրջանին կատարուած իրագործումներուն մասին, յատկապէս արուեստական բանականութեան (AI) բնագաւառէն ներս։ Տրուած բացատրութիւններու ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութիւնը ո՛չ միայն հարցադրումներ կատարեց յաւելեալ լուսաբանութեանց համար, այլ նաեւ իր տեսակէտները յայտնեց՝ յատկապէս բարոյագիտական ու աստուածաբանական տեսանկիւնէ դիտուած։ Ճարտարագիտութեան վերջին զարգացումներուն առաւել հաղորդ դառնալու համար, Վեհափառ Հայրապետը անձնապէս կարգ մը փորձառկումներու մասնակից դարձաւ, օրինակ` Apple ընկերութեան Apple Vision Pro-ին, Waymo անշարժավար ինքնաշարժին եւ լրիւ ելեկտրականութեամբ գործող Tesla ինքնաշարժին։
Կարդացեք նաև
Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւնները եզակի էին իրենց տեսակին մէջ եւ մեծ հիացում պատճառեցին բոլոր բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մօտ` Նորին Սրբութեան մօտ տեսնելով լուրջ հետաքրքրութիւն արհեստագիտութեան վերջին զարգացումներուն նկատմամբ։
Հետեւաբար, քննարկումներով, լուսաբանութիւններով եւ կարծիքներու փոխանակումով հարուստ շրջագայութիւն մը ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան նաեւ ծանօթացաւ կարգ մը ընկերութիւններու վերին պատասխանատուներուն հետ։
Նորին Սրբութիւնը մեծապէս գնահատեց դոկտ. Զօրեանի ունեցած դերակատարութիւնը յիշեալ մարզերուն մէջ։ Հայրապետը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց՝ տեսնելով դոկտորին անձին նկատմամբ անոր շրջապատին ունեցած յարգանքը։ Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես արհեստագիտական զանազան ընկերութիւններուն մէջ գործող հայ պաշտօնեաներուն։
Կէսօրին, Վեհափառ Հայրապետը եւ իր պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրը եղան հարիւր հազարաւոր պաշտօնեաներ ունեցող Intel ընկերութեան, միաժամանակ ծանօթանալով նոյն ընկերութեան վերին պատասխանատուներուն հետ, որոնց կարգին Գէորգ Քէշիշեանին։
Վերոյիշեալ շրջագայութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը նաեւ այցելեց Stanford աշխարահռչակ համալսարան, ուր հանդիպում ունեցաւ խումբ մը հայ ուսանողներու հետ։
Նոյն օրը երեկոյեան, Հայրապետը եւ իր պտուիրակութիւնը ընթրիքի հիւրը եղան տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Ռիթա Զօրեան ամոլին։ Ընթրիքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատելով Զօրեանին կատարած եզակի աշխատանքը, յատկապէս Սինոփսիսի իրագործումները կամրջելու հայեցի դաստիարակութեան, զինք պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։





















































