Ազգային ժողովի բեմէն՝ «Ազգընտիր հերոս»-ը դարձեալ յոխորտանքներ սփռած է ընդդիմադիրներու երեսին, յայտարարելով, որ իր քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական քայլերը բարիք բերած են ազգին, մասնաւորաբար Արցախին:
… Ինչպէ՞ս, հարց պիտի տայ բանիմաց՝ երկրին տնտեսական, զինական եւ հողային կորուստներու ընդլայնող պատկերները տեսնող ընթերցողս: Ուրեմն, մտնենք «Արցախին օգուտ բերող»-ի մաշկին մէջ:
Կա՞յ մէկը, որ Նիկոլի ՔՊ-ականներէն աւելի օգուտ բերած է Արցախին ու արցախցիներուն, Արցախը Ատրպէյճանին յանձնելով (մաս առ մաս), Արցախը ամբողջովին հայաթափելով ու Հայաստան ապաստանած գաղթականները անտանելի վիճակներու մատնելով:
Կա՞յ մէկ, որ իրենց չափ հող յանձնած է, ո՛չ միայն Արցախի հողերը, այլ եւ Հայաստանի սահմանային գօտիները (եւ ցանկի վրայ է նման բարիքներու շարք մը):
Կարդացեք նաև
Կա՞յ մէկը, որ Հայաստանի շրջափակման օղակը վերցուցած է եւ երթեւեկի ազատութիւն ապահոված, օրինակ՝ Գորիս-Կապան ճամբուն պատմութիւնը:
Կա՞յ մէկը, որ բանակին ողնասիւնը խախտած է, զայն նահանջի մատնած՝ բարոյապէս ու կարողականութիւններու իմաստով:
Կա՞յ մէկը, որ երկրի պարտքը նոր բարձունքներու հասցուցած է, եւ հիմա կը յոխորտայ, թէ պատճառը՝ զէնքի գնումներն են (մի՛ հարցնէք, թէ ո՞ւր են զէնքերը եւ որո՞ւն դէմ պիտի գործածուին… խաղաղասէրներուն կողմէ):
Կա՞յ մէկը, որ ՔՊ-ականներու չափ բարիք ըրած է վաղարշապատցիներուն, գիւմրեցիներուն, կը խոստանայ այդ բարիքները շարունակել մէկուն քաղաքապետը բանտարկելով, իսկ միւսին ընտրութիւններուն միջամտելով:
Կա՞յ… կա՞յ… կա՞յ…
Վերի հարցումներուն պատասխանները յստակ են. նիկոլականներու չափ օտուտ բերող չէ եղած… Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում


















































