Բուն հարցը բարձրաստիճան եկեղացականի մը կուսակրօնութեան ուխտը պահելու չպահելու հետ առընչութիւն ունենալէ դադրած է այլեւս: Այլ աւելի լուրջ եւ տարբեր, նաեւ քաղաքական աւելի վտանգաւոր ոլորտ թեւակոխած է դժբախտաբար:
Կարծէք այլեւս պարոն վարչապետին համար հարց ըլլալէ դադրած է, թէ ո՛ր սրբազանը, գաղտագողի, քանի ապօրինի զաւակ աշխարհ բերած է: Այո, բանավէճը դուրս ելած է իր հունէն եւ դարձած է կղեր-իշխանութիւն քաղաքական բախում, որովհետեւ գաղտնիք չէ, թէ՝ կուսակրօնութեան ներկայ դրոյթը, նուազագոյնը ըսած ըլլալու համար, առաւել քան ժամանակավրէպ դարձած է:
Այլեւս չենք ապրիր հինգերորդ դարը, երբ ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ կուսակրօնութիւն հաստատուեցաւ եւ կեանքի կոչուեցաւ: Բոլորին ծանօթ իրողութիւն է, թէ հայ եկեղեցւոյ առաջին չորս կաթողիկոսները ամուսնացած կղերականներ եղած են: Ապա արդէն ամայի վայրերու մէջ վանքեր կառուցուած են՝ ուխտեալները հեռու պահելու համար ամէն տեսակի փորձութիւններէ: Սակայն, ոչ ոք օգուտ ունեցած է անկէ:
Վստահաբար, ընթերցողները տակաւին կը յիշեն Յունաստանի մէջ մեր ապրած փորձառութիւնը, երբ մեզի ուղեկից յոյն բարեկամը, լերան երկու լանջերուն բազմած վանքերը մատնանշելով, հետեւեալ շատ հետաքրքրական եւ ուսանելի եղելութիւնը պատմեց. վանքերու պետերը` մին մայրապետ, իսկ միւսը` կուսակրօն վանահայր, կ՛որոշեն իրենց վանքերուն միջեւ գաղտնի գետնուղի մը փորել` յագուրդ տալու համար սիրազուրկ իրենց ուխտեալներու սեռային պահանջներուն: Կրնա՞ք երեւակայել երկուստեք տիրող խանդավառութիւնը: Կնոջ գգուանքէն զրկուած եւ օր չտեսած կայտառ վանականները, նախնական միջոցներով՝ գիշեր ցերեկ կը փորեն կը փորփրեն եւ երկրագունդի ամէնէն արագ կեանքի կոչուած գետնուղին իր աւարտին կը հասցնեն: Կը տեսնենք թէ, անկախ մէկու մը առած ուխտէն եւ ազգային պատկանելիութենէն, բնութիւնը իր պահանջները պիտի պարտադրէ:
Կարդացեք նաև
Իսկ յաջորդ դէպքը, թէեւ յունականին խորհրդաւորութիւնը եւ փայլքը չունի, սակայն, անիկա խօսուն է իր էութեամբ եւ ուսանելիութեամբ. Ափրիկէի մէջ, ամէն փոքրամասնութիւն իր ազգային տօնը կը նշէր շքեղ ճաշկերոյթով մը եւ պարահանդէսով մը: Այդ առումով, բնական է, բացառութիւն պիտի չկազմէին իրլանտացիները, որոնց մէջ բաւական մեծ թիւ կը կազմէին կաթողիկէ միսիոնարները եւ մայրապետները, որոնք գրեթէ ամէն կողմ ուսման օճախներ հաստատած էին եւ մեծապէս կը նպաստէին երկրի զարգացման: Այդ տարի, 17 Մարտի Սուրբ Փաթրիքի օրուան տօնակատարութեան մենք ալ ներկայ էինք: Կուշտ ու կուռ ուտել խմելէ եւ ճառախօսութիւն լսելէ ընելէ ետք, հիւր եւ հիւրընկալ խանդավառ սլացքով սկսան պարել ու ցատկռտել: Այդքանը բնական երեւոյթ էր այնպիսի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ: Սակայն, մեզի զարմանք պատճառողը բոլորովին անսպասելի, տարբեր բնոյթ ունեցող երեւոյթ մըն էր. յանկարծ ներկայ երիտասարդ միսիոնարները իրենց տարեկից մայրապետներ գրկած՝ բեմահարթակ յայտնուեցան եւ սկսան «Սլօ» եւ «Թանկօ» պարել, անակնկալի մատնելով օտարօտի այդ երեւոյթին անվարժ ներկաներս: Փոխարէնը մերօրեայ հերոսները իրենց հայրենակիցներուն բուռն ծափերու ու քաջալերանքին արժանացան: Եւ այս դէպքը կը պատահէր մօտաւորապէս կէս դար առաջ:
Պարոն վարչապետ, այս պահուն տեղին է հարցնել, թէ հայը եւ յոյնը, կամ իրլանտացին արդեօք ինչո՞վ կը տարբերին իրարմէ եւ ֆիզիքական ինչպիսի՞ տարբեր պահանջներու տէր արարածներ են:
Ներկայի սեռային ու բարոյական բոլորովին անթաքոյց հարթակին վրայ, երթալով անկարելի կը դառնայ կուսակրօն կղերին համար իր ուխտը պահելը: Քրիստոնեայ եկեղեցին ուրիշ ելք չունի: Պիտի հաշտուի մերկ իրականութեան հետ եւ հովուապետները պապէն սկսեալ մինչեւ մեր վեհափառները, միջեկեղեցական ընդհանուր ժողով պիտի գումարեն եւ լուծում մը գտնեն ու օրինականացնեն ամուսնացած կղերի դրոյթը, եպիսկոպոսական կոչում եւ կարգ շնորհելով ամուսնացած կղերին: Այդ մէկը միակ ճիշդ ելքն է:
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռիչմընտ, Վիրճինիա
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում


















































