Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին Լիբանան այցելութիւնը ընդգրկեց 3 օրեր (30 Նոյեմբեր – 2 Դեկտեմբեր 2025)։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ նախագահական ապարանք, ուր տեղի ունեցաւ Պապին պաշտօնական ընդունելութիւնը՝ նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունի եւ Պապին պաշտօնական խօսքերու փոխանակումով։
Հայրապետը, եօթը պատրիարքներու հետ, մասնակցեցաւ Պապին հետ պաշտօնական ճաշկերոյթի մը, որուն յաջորդեց Պէյրութի Նահատակաց Հրապարակին վրայ քրիստոնեայ ու իսլամ համայնքապետերու հանդիպումը՝ Պապին ներկայութեամբ։
Յիշեալ հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով՝ շեշտեց Լիբանանի համայնքային դրութեան կարեւորութիւնը, որ կը կազմէ իւրայատուկ ինքնութիւնը Լիբանանին։ Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Պապին կողմէ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։
Յայտնենք, որ յանուն Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրեր եւս մասնակից դարձան զանազան ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ երիտասարդական համախմբումին։ Այս առիթով նաեւ յիշեցնենք, թէ Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեան, յանուն Նորին Սրբութեան, Նիկիա պատմական քաղաքին մէջ, ներկայ գտնուեցաւ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի 1700 ամեակի նշման բոլոր հանդիսութիւններուն։



















































