Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապի Ամանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Պապին Լիբանան այցելութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, Իրանի հայ համայնքին, Հայաստան-Իրան յարաբերութեան եւ յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի առնչուած հարցեր։
Աւարտին, դեսպանը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց Իրան այցելութիւն տալու։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն


















































