Մայր Աթոռի Շրջափակին Մէջ Հազարաւոր Հաւատացեալներ Կը Վանկարկէին . «Վեհափառ-Վեհափառ»
Հայաստանի մէջ լրատուութիւն տարածուած էր յանկարծ, թէ 10 յայտնի ուխտադրոյժ եպիսկոպոսներ 18 Դեկտեմբեր Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 5-ին, պիտի «Ներկայանան Մայր Աթոռ», Ամենայն Հայոց Հայրապետէն պահանջելու որ Վեհափառը հրաժարի եւ ինքզինք հանգստեան կոչէ:
Կայծակնային արագութեամբ սակայն, բազմաթիւ քաղաքացիական խմբաւորումներ հակադարձեցին՝ օրինականութեան այս կոպիտ նոր խափտման դիմադրելով, նոյն ժամուն Մայր Աթոռի շուրջ հաւաքուելով, պախարակելու համար ուխտադրոյժ հոգեւորականներուն:
Արդիւնքը աւելի քան յստակ եւ ցնցիչ էր, երբ Հինգշաբթի երեկոյ Մայր Աթոռի շրջափակը ողողուած էր հազարաւոր հաւատացեալներով, որոնք անդադար կը բացագանչէին «Վեհափառ-Վեհափառ» որպէս զօրակցութիւն Ամենայն Հայոց Հայրապետին:
Այս պայմաններուն մէջ է, որ Վեհափառ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը իր հոգեւորականներու երկար շքախմբով ըստ սովորութեան, դուրս եկաւ Վեհարանէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար՝ զանգակատան ղօղանջներուն եւ ժողովուրդին կոչերուն ընդմէջէն: Եկեղեցական արարողութեան վերջաւորութեան եւ Վեհափառի հայրական յորդորներով լեցուն քարոզէն ետք, Ան նոյն ձեւով վերադարձաւ Վեհարան:
Այսպէսով, ուղղորդուած ուխտադրոյժ եպիսկոպոսներու սադրանքը նուաստացումով եւ խեղճութեամբ հասաւ իր աւարտին:
Մեր՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի կոչը կը մնայ նոյնը, այս ազգավնաս կեղծ տագնապին սկզբնաւորութենէն ի վեր:
Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ունի իր հաստատ եւ յստակ կանոնադրութիւնը որուն գործադրութեամբ է որ միայն ան նկատի կ’առնէ բարեփոխումներ երբ պահանջ զգացուի բարեփոխումներու:
Իսկ իշխանութիւնները պէտք է դադրրեցնեն կամայական կալանաւորումներու իրենց գործելակերպը, եւ ընդհանրապէս հրապարակաւ ազատ խօսքի եւ գործունէութեան երաշխիք տան եպիսկոպոսական եւ եկեղեցական ժողովներու մասնակցող հոգեւորական թէ աշխարհական անդամներուն, որպէսզի այդ ժողովները կարելի ըլլայ գումարել:
Այսօրուան Հայաստանի մէջ իշխանութեանց կողմէ ստեղծուած եղբայրատեաց մթնոլորտը, որոշակիօրէն միայն ի նպաստ է մեր հայրենիքի թշնամիներուն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ
ԱԶԳ (Հայաստան), ԱՊԱԳԱՅ (Մոնրէալ), ԱՐԵՒ (Եգիպտոս),
ԶԱՐԹՕՆՔ (Լիբանան), ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀ (Յունաստան), ՊԱՅՔԱՐ (Պոսթոն),
The Armenian Mirror Spectator (USA), ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ (Արժանթին)


















































