«Գանձասար». Երէկ երեկոյեան, ՔԱՍԱՏ-ի (SDF) ներքին ապահովական ուժերու՝ Ասայէշի եւ սուրիական բանակին ու ապահովական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած փոխադարձ հրաձգումներուն հետեւանքով հայաբնակ թաղամասերուն մէջ վիրաւորներ չեն արձանագրուած։ Կարգ մը բնակարաններ մասնակի նիւթական վնասներ կրած են։
Այսօր Հալէպի մէջ հանդարտութիւն կը տիրէ։ Դպրոցները, համալսարանները եւ պետական հաստատութիւնները փակ են, նկատի ունենալով Հալէպի նահանգապետի երէկ գիշեր կատարած յայտարարութիւնը առ այն, որ Երեքշաբթի, 23 դեկտեմբերը յիշեալ կեդրոններուն համար արձակուրդ կը համարուի։
Ընդհ. առմամբ արձանագրուած են՝ 8 վիրաւոր եւ երկու զոհ, ինչպէս նաեւ սուրիական քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերէն 2 ծառայող զոհ։
Հալէպի քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հիւանդանոցները մինչեւ առաւօտ գործեցին ու շտապ օգնութիւն ցուցաբերեցին բնակչութեան։


















































