Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 22 Դեկտեմբերին, ՍԴՀԿ Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ։
Ժողովականները արծարծեցին գաղութային, լիբանանեան եւ տարածաշրջանային նորագոյն զարգացումները: Քննարկումի առարկայ հանդիսացաւ Լիբանանի հարաւային շրջանին ապահովական փխրուն վիճակը՝ ի տես իսրայէլեան շարունակական յարձակումներուն եւ սպառնալիքներուն: Ժողովականները դատապարտեցին իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները եւ շեշտեցին զինադադարի համաձայնութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աճը եւ ժողովականները զգուշացուցին Միջին Արեւելքի կացութեան վրայ Անքարայի միջամտութիւններուն վտանգաւոր հետեւանքներէն:
Խօսելով Լիբանանի գալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին, ժողովականները արծարծեցին այդ սահմանադրական կարեւոր իրադարձութիւնը, շեշտելով լիբանանահայ արժանի ներկայացուցիչներ ընտրելու հրամայականը:
Ի տես Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու գալուստին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ջերմ բարեմաղթանքներ փոխանցեցին բոլոր լիբանանցիներուն եւ մանաւանդ լիբանանահայերուն, յուսալով որ 2026 տարին ըլլայ դրականութեամբ, կառուցողականութեամբ եւ յաջողութեամբ լեցուն:
Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ Մարմին
Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն


















































