Vatican News. Չորեքշաբթի` 24 դեկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը տասին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ մեծ հանդիսութեամբ գլխաւորեց Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի Պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կղերական դասի անդամները` կարդինալներ, եպիսկոպոսներ ու քահանաներ, ու մեծ թիւով ուխտաւոր հաւատացեալներ։
Ողջոյնի խօսք հրապարակէն արարողութեան հետեւող հաւատացեալներուն
Պատարագէն առաջ Սրբազան Պապը ողջունեց տաճարէն դուրս Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող հինգ հազարէ աւելի հաւատացեալները տրուած ըլլալով որ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային կարող է հիւրընկալել միայն վեց հազար անձ։ Սրբազան Պապը արդարեւ նշեց` թէ «Սուրբ Պետրոսի տաճարը շատ մեծ է, բայց, ցաւօք, բաւականաչափ մեծ չէ ձեզ բոլորիդ ընդունելու համար»։
«Ես կը հիանամ, կը յարգեմ և շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր քաջութեան և այսօր երեկոյեան այստեղ գտնուելու ձեր պատրաստակամութեան համար» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ու յայտնելով, որ «Յիսուս Քրիստոս` որ ծնաւ մեզի համար մեզի կը բերէ Խաղաղութիւնը ու Աստուծոյ սէրը»։
Կարդացեք նաև
Ան ապա շնորհաւորեց բոլորը ու հրաւիրեց զանոնք պաստառներու վրայ հետեւելու արարողութեան բոլորին վրայ հայցելով Աստուծոյ հովանին եւ օրհնութիւնը եւ անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը։
«Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է»
Իսկ Սուրբ զոհի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը խօսքը կեդրոնացուց օրուան Խորհուրդին եւ անոր խոր նշանակութեան վրայ։ Ան յիշեց թէ ինչպէս դարերու ընթացքին ժողովուրդները աստղերուն մէջ որոնեցին ապագայի նշանները ու թէ իսկական լոյսը յայտնուեցաւ Բեթղեհէմի գիշերուան մէջ, Յիսուսին, Փրկիչին ծնունդով։ «Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2,11)։
Երկրի վրայ տեղ չկայ Աստուծոյ եթէ տեղ չկայ իւրաքանչիւր մարդու
Նորին Սրբութիւնը ապա յղում կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի 2012 թուականին Ծննդեան ճրագալոյցի քարոզին, դիտել տալով, թէ երկրի վրայ տեղ չկայ Աստուծոյ եթէ տեղ չկայ իւրաքանչիւր մարդու…իսկ այնտեղ` ուր տեղ կայ մարդուն տեղ կայ նաեւ Աստուծոյ, ուստի մսուրը կարող է դառնալ աւելի սուրբ քան տաճար մը եւ Սուրբ Կոյսին արգանդը նոր ուխտի տապանակը», հաստատեց Լեւոն ԺԴ. նշելով` որ Սուրբ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ գիտակցելու, որ «Յիսուսին մէջ կը տրուի նոր կեանք մը, ոչ որպէս տիեզերական լուծում, այլ որպէս սիրոյ պատմութիւն մը` որ կը ներգրաւէ իւրաքանչիւր անձ»։
Աստուած կ՛ուզէ մարդ դառնալ մեզ ստրկութենէն ազատելու համար
«Ժողովուրդներու սպասումներուն առջև Աստուած կ՛ ուղարկէ մանուկ մը՝ որպէս յոյսի խօսք, դժբախտներու ցաւին առջև Ան կ՛ ուղարկէ անպաշտպան մարդ մը՝ որպէս կրկին ոտքի կանգնելու ուժ, բռնութեան և ճնշումներու առջև Ան կը վառէ նուրբ լոյս մը, որ փրկութեամբ կը լուսաւորէ այս աշխարհի բոլոր զաւակները» ըսաւ Լեւոն ԺԴ նկատել տալով թէ «Մինչ մարդս կ՛ուզէ աստուած դառնալ միւսին վրայ գերիշխելու համար, Աստուած կ՛ուզէ մարդ դառնալ մեզ ստրկութենէն ազատելու համար»։
Ռոպէր Աթթարեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:


















































