Vaticannews. Հինգշաբթի` 25 դեկտեմբեր 2025-ին` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գրեթէ երեսուն տարիներ ետք տեղի ունեցաւ Քահանայապետի մը գլխաւորութեամբ Սուրբ Ծննդեան պատարագ, զոր մատուցեց Լեւոն ԺԴ.ը։
Արդարեւ վերջին Քահանայապետը որ պատարագ մատուցած էր Սուրբ Ծննդեան օրը` 25 դեկտեմբերին, եղած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. 1994-ին, որմէ ետքը պատարագը մատուցած են կարդինալներ ապա Պենետիկտոս ԺԶ-ի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան շրջաններու ընթացքին պատարագներ չեն կատարուած եւ անոնք գլխաւորած են միայն «Ուրպի էթ Օրպի» Հռոմ քաղաքի եւ աշխարհին ուղղուած պատգամներն ու օրհնութիւնը։ Լեւոն ԺԴ. ուզեց վերահաստատել այս սովորութիւնը։
Տէրը մեզի մօտիկ կը դառնայ դիւրաբեկութեան իրավիճակներուն մէջ
Այս խաղաղութեան ուժը կը գտնուի միւսներուն տառապանքն ու ցաւը ընդունելուն մէջ, ունկնդրելով աւելիով տկարներուն լացը, դիտել տուաւ ապա Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը` որ հաստատած էր թէ «Յիսուս կ՜ուզէ` որ մենք իրեն դպչինք մարդկային դիւրաբեկութեան եւ թշուառութեան մէջ….»։ Սուրբ Ծնունդը արդարեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ Տէրը մեզի մօտիկ կը դառնայ դիւրաբեկութեան իրավիճակներուն մէջ, ու մօտիկ կը դառնայ յատկապէս գաղթականներուն, փախստականներուն ու պատերազմի զոհերուն մէջ, եւ մեզ կը հրաւիրէ քնքշութեան եւ կարեկցութեան պատասխան մը տալու։
Կարդացեք նաև
Կազայի վրանները եւ պատերազմէ յօշոտուած անպաշտպան ժողովուրդները
«Մարմին դարձած Բանը մեր մէջ հաստատեց իր դիւրաբեկ վրանը… ինչպէս չի մտաբերել Կազայի վրանները որ շաբաթներէ իր վեր կը դիմակայեն անձրեւը, մրրիկն ու ցուրտը, ու բազմաթիւ գաղթականներու եւ փախստականներու վրանները» յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ հազարաւոր տնանկներուն ու պատերազմէ յօշոտուած անպաշտպան ժողովուրդներուն, երիտասարդներուն` որոնք ստիպուած են զէնքը առնել իրենց ձեռքը ու ճակատին վրայ կը հասկնան թէ որքան անիմաստ է իրենցմէ պահանջուածը … »։
Ռոպէր Աթթարեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:


















































