«Գանձասար». Երեքշաբթի միջօրէին սկսած ընդհարումներուն, ապա երեկոյեան յայտարարուած զինադադարէն ետք, Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ եւ Աշրաֆիէ շրջաններուն մէջ եւ անոնց շուրջ լուրջ ընդհարումներ կը նախատեսուին։
Ըստ սուրիական բանակի զինուորական գործողութիւններու խորհուրդին, Շէյխ Մաքսուտ եւ Էշրէֆիէ շրջաններու մէջ ընդհարումներ կը նախատեսուին այսօր յետմիջօրէի ժամը 15։00-էն վերջ։
Պետութիւնը մարդասիրական անցքեր տրամադրած է Աուարէտ եւ Շարեհ Ազ-Զուհուր հրապարակներուն մօտ, տեղւոյն բնակչութեան դուրս գալը ապահովելու համար։
Ընդհարումներու սահմանագիծին բնակող մեր հայրենակիցներու ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքնասրահը տրամադրելի է եւ կրնան այնտեղ ապաստանիլ մինչեւ վիճակի կայունացումը։
Կարդացեք նաև
Որեւէ դժուարութեան կամ շտապ կարիքի պարագային կարելի է զանգել հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն.
Տիգրանեան կեդրոն- 0965437612
Ս.Աստուածածին եկեղեցի- 0982172535
0954019530
Բժշկական որեւէ կարիքի պարագային դիմել ՍՕ Խաչի դարմանատուն, Նոր Գիւղ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի


















































