Այսօր՝ շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի կազմը, գլխաւորութեամբ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեանի։
Պալապանեան Նորին Սրբութեան փոխանցեց զեկուցում, յատկապէս լիբանանահայութեան վերաբերող հիմնական խնդիրներոն ընդառաջ մշակուած ծրագիրներուն եւ կատարուած աշխատանքներուն մասին։
Հայրապետը գնահատեց տարուող աշխատաքները եւ շեշտեց, յատկապէս երկրի դիմագրաւած ճգնաժամային ներկայ պայմաններուն մէջ, համախմբուած աշխատելու եւ լիբանանահայ բոլոր կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ընդլայնելու հրամայականը։
Այնուհետեւ, կեդրոնական կոմիտէի անդամները Վեհափառ Հայրապետին հետ արծարծեցին Հայատանի, Սփիւռքի եւ հայ եկեղեցւոյ դիմագրաւած այսօրուան խնդիրները՝ վերաշեշտելով լիբանանահայութեան ունեցած եւ ունենալիք հիմնական դերը՝ համահայկական մեր առաջադրանքներու հետապնդման մէջ։
Կարդացեք նաև
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ


















































