Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լեւոն ԺԴ-ն հրաւիրեց «խորին երախտագիտութեամբ յիշել Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական քաջ վկայութիւնը»․ Vatican News

Հունվար 25,2026 21:45

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան եզրափակիչ արարողութեան առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. նշեց, որ այս տարուայ աղօթքները պատրաստուած են Հայաստանի Եկեղեցիներու կողմէ, ապա յիշեց Հայ ժողովուրդի նահատակութիւնը եւ ակնարկեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին, որ ԺԲ. դարուն «ժամանակէն առաջ հասկցած էր, որ միութեան որոնումը բոլոր հաւատացեալներու պարտականութիւնն է»։ Ան գնահատեց նաեւ առաջին քրիստոնեայ ազգ` հայերու քրիստոնէական վկայութիւնը։ Արարողութեան ներկայ էր Խաժակ Արք. Պարսամեանը։

«Դուն Քրիստոսը դասեցիր Թագաւոր Տիեզերքի, զԱյն փառքով բարձրացնելով քու կողքիդ. Ընդունէ Արքայութեանդ մէջ մեր հանգուցեալ եղբայրները»։

Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ այս շաբաթ երկրորդ անգամն ըլլալով դարձեալ հնչեց հայ լեզուն եւ աղօթքը` Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթուան առիթով։ Առաջինը եղաւ անցեալ 22 Յունուարին երբ Մխիթարեան Միաբանութեան վանականները այնտեղ աղօթեցին «խաղաղական ժամերգութիւնը» իսկ երկրորդը Կիրակի 25 Յունուարի Երեկոյեան, երբ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի գլխաւորութեամբ փակումը կատարուեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան, այնտեղ կայացած երեկոյեան ժամերգութեամբ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ միասնաբար աղօթելով միութեան համար, որոնց շարքին էր նաեւ Գերաշն. Խաժակ Արք Պարսամեանը` որպէս Սուրբ Էջմիածնի հայ առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչը։

Հայ Ժողովուրդի նահատակութեան քաջ վկայութիւնը եւ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքները

Լեւոն ԺԴ. նշեց ապա թէ «Այս տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքներու օժանդակ նիւթերը պատրաստուած են Հայաստանի Եկեղեցիներ կողմէ» եւ հրաւիրեց «խորին երախտագիտութեամբ յիշել Հայ ժողովուրդի քրիստոնէական քաջ վկայութիւնը` պատմութեան ընթացքին, ուր նահատակութիւնը հանդիսացաւ մշտական յատկանիշ մը»։

Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Կաթողիկոսը` միութեան ջատագով

«Այս Աղօթքի Շաբաթուան աւարտին, յիշենք սուրբ Կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալին՝ որ ԺԲ. դարուն աշխատեցաւ Եկեղեցւոյ միութեան համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Ան ժամանակէն առաջ հասկացած էր, որ միութեան որոնումը բոլոր հաւատացեալներու պարտքն է և կը պահանջէ յիշողութեան բուժում»։

«Սուրբ Ներսէսը մեզի կարող է նաև ուսուցանել այն վերաբերմունքը, զոր մենք պէտք է ունենաք մեր համամիութեան ճանապարհի ընթացքին, ինչպէս յիշեցուցած էր իմ երանաշնորհ նախորդս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը. «Քրիստոնեաները պէտք է ունենան խոր ներքին համոզմունք, որ միութիւնը անհրաժեշտ է ոչ թէ ռազմավարական առանցելութեան կամ քաղաքական շահոյթի համար, այլ Աւետարանի քարոզութեան շահի համար» (Քարոզ` Համամիութենական արարողութիւն, Երևան, 26 սեպտեմբերի 2001)»։

Ռոպէր ԱԹԹԱՐԵԱՆ

Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031