Քաղաքական անորոշութեան եւ ռազմական վտանգներու միջեւ՝ Սուրիոյ մոռցուած հայ համայնքը
Այսօր Սուրիա կը մնայ բաժնուած քաղաքական տարածք մը, որ կը բնորոշուի ոչ միայն աւերիչ քաղաքացիական պատերազմի ժառանգութեամբ, այլ նաեւ երկրի կեդրոնական իշխանութեան եւ հիւսիսային ու հիւսիս-արեւելեան շրջաններուն մէջ գործող քրտական ուժերու միջեւ չլուծուած լարուածութիւններով։ Պարբերաբար ծագող բախումները, փոխուող դաշինքները եւ վիճարկուած կառավարման համակարգերը կը շարունակեն անկայունութիւն եւ անորոշութիւն ստեղծել, յատկապէս փոքրամասնութիւններու համար, որոնք կը գտնուին տարբեր ուժային կեդրոններու միջեւ։ Այս խոցելի պայմաններուն մէջ, քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները՝ ներառեալ հայերը, ստիպուած են իրենց գոյատեւումն ու անվտանգութիւնը ապահովել առանց հաւասար քաղաքացիութեան իրական երաշխիքներու։
Պատմականօրէն Սուրիոյ հայերը կազմած են երկրի հասարակական եւ մշակութային հիւսուածքի անբաժան մասը։ Հալէպը տասնամեակներ շարունակ եղած է սփիւռքահայ կեանքի ամենէն կենսունակ կեդրոններէն մէկը՝ իր դպրոցներով, եկեղեցիներով, մամուլով եւ մշակութային հաստատութիւններով։ Այս համայնքային հզօր ներկայութիւնը, սակայն, 2011-էն ի վեր կտրուկ կերպով նահանջեց՝ զանգուածային տեղահանութիւններու, տնտեսական փլուզման եւ անվտանգային անկայունութեան հետեւանքով։
Այսօր Սուրիոյ հայ համայնքը թիւով փոքրացած է, հաստատութիւնները թուլցած են, իսկ ապագան խորապէս անորոշ է։ Այն, ինչ որ երկար տարիներ ինքնաբաւ համայնք մը էր, վերածուած է խոցելի մնացորդի մը, որ կը գոյատեւէ հիմնականօրէն քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ սփիւռքեան աջակցութեան շնորհիւ։ Այս իրադրութիւնը Սուրիոյ մէջ հայ ներկայութեան պատմական ընթացքին մէջ խոր եւ վտանգաւոր խզում մը յառաջացուցած է։
Հայկական երեք կրօնական յարանուանութիւնները այս պայմաններուն մէջ կը շարունակեն խաղալ աւելի լայն դեր, քան զուտ հոգեւոր առաջնորդութիւնը։ Անոնք կը գործեն որպէս համայնքային կառավարման առանցք, մարդասիրական աջակցութեան կազմակերպիչներ եւ պետութեան հետ միջնորդներ։ Պատերազմի տարիներուն եկեղեցիները վերածուեցան նաեւ ապաստանի եւ պաշտպանութեան վայրերու՝ շարունակելով Արեւելեան քրիստոնէութեան մէջ արմատացած պատմական աւանդոյթ մը։
Կարդացեք նաև
Հայերու եւ Սուրիոյ այլ կրօնական համայնքներուն յարաբերութիւնները ընդհանուր առմամբ խաղաղ եղած են, սակայն միշտ ալ հիմնուած գործնական համակեցութեան, այլ ոչ թէ իրական հաւասարութեան վրայ։ Պատերազմը ի յայտ բերաւ այս համակեցութեան փխրուն բնոյթը եւ փոքրամասնութիւններու խոցելիութիւնը՝ պետական իշխանութեան կազմաքանդման պայմաններուն մէջ։
Սուրիոյ մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը կը մնայ խորապէս արմատացած, սակայն նաեւ լրջօրէն վտանգուած։ Տէր Զօրի նման վայրեր կը յիշեցնեն, որ այս ներկայութիւնը միայն մշակութային չէ, այլ նաեւ պատմական յիշողութեան եւ հաւաքական տառապանքի մաս է։
Այսօր հարցը այլեւս միայն վերակառուցում չէ, այլ գոյատեւման քաղաքական եւ իրաւական պայմաններու ապահովումը։ Առանց հաւասար քաղաքացիութեան, կայուն անվտանգութեան եւ իրական իրաւունքներու, Սուրիոյ հայ համայնքին ապագան մռայլ կը մնայ։ Նոյն ճակատագիրը կը սպառնայ նաեւ քրիստոնեայ այլ համայնքներու՝ անկախ այն բանէն, թէ որ ուժը կը վերահսկէ տուեալ տարածքը։
Ցաւօք, աշխարհաքաղաքական արագ զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ ընթացող լուրջ ու շարունակական ճգնաժամային պայմաններուն տակ, Սուրիոյ հայ համայնքի վիճակը կարծէք այլեւս առաջնահերթութիւն չէ սփիւռքի մեծ մասին համար։ Միջազգային ուշադրութեան եւ սփիւռքեան ներուժի սահմանափակման այս մթնոլորտին մէջ, Սուրիոյ հայերը կը մնան լուսանցքի վրայ՝ իրենց գոյութենական խնդիրներով եւ անորոշ ապագայով։
Ստորեւ՝ թարգմանաբար կու տանք Հրաչ Չիլինկիրեանի 2023-ին գիրքի մը մէջ հրատարակուած «Armenian Communities in the Middle East: Losing the Past in the Future?» ամփոփ եզրակացութեան բաժինը:
Արդեօ՞ք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու եւ յատկապէս հայկական համայնքներու ապագան վտանգուած է
Առաջին համաշխարհային պատերազմէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործադրուած ցեղասպանութենէն ետք, վերապրած հայերը յաջողեցան վերակառուցելու համայնքներ: Անոնք նաեւ շինեցին եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային ենթակառոյցներ եւ հաստատութիւններ հիմնականօրէն Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի այլ փոքր համայնքներուն մէջ: Այս բոլորը կարելի դարձան շնորհիւ եւրոպական հոգատարութեան տակ անցած արաբական պետութիւններու շնորհած կրօնական եւ քաղաքացիական որոշակի իրաւունքներուն, որոնք նման էին Օսմանեան կայսրութեան միլեթի համակարգին:
Վերակառուցումը կարելի եղաւ նաեւ շնորհիւ [ցեղասպանութենէն] վերապրածներու եւ յաջորդող սերունդներու վճռականութեան՝ վերականգնելու հայկական համայնքային կորսուած կեանքը զիրենք ընդունող երկիրներուն մէջ: Աւելի քան մէկ դար հայերը միլիառաւոր տոլարներ, աշխատանք եւ հաւաքական ճիգ ներդրած են Միջին Արեւելքի մէջ իրենց մշակոյթը, լեզուն եւ աւանդոյթները հաստատելու եւ կենսականացնելու համար:
1970-ականներէն սկսեալ, տարբեր ալիքներով, Միջին Արեւելքի հայերը սկսան մասնաւորաբար գաղթել դէպի Հիւսիսային Ամերիկա, Եւրոպա եւ Աւստրալիա՝ հիմնականօրէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, Իրանի իսլամական յեղափոխութեան, Իրաքի պատերազմներուն եւ շարունակուող տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով: Եթէ արտագաղթի հակումը շարունակուի, այդ մէկը կրնայ նշանակել տարածաշրջանի քրիստոնէական հնագոյն համայնքներէն մէկուն ընկերամշակութային մահը:
Աւելի քիչ տեսանելի են պետութեան, ընկերութեան եւ կրօնական հաստատութեան դերերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ համայնքներու երկարատեւ կենսունակ ներկայութեան մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնեայ փոքրամասնութեան անդամ ըլլալը՝ «ուրիշ» կամ «այլ» ըլլալու բեռը ծանր է: «Այլականացումը» (‘othering’) կը յայտնուի տարբեր մակարդակներու վրայ. ա) կայ իմ բնորոշումով «փափուկ այլականացումը» պետութեան կողմէ՝ օրէնքներու, արգելքներու եւ բազմաթիւ պարագաներու ոչ-իսլամներու նկատմամբ խտրականութեան ճամբով. բ) Միջին Արեւելքի իսլամ մեծամասնութիւն ունեցող երկիրներու մէջ աւելի մեծ հասարակութեան կողմէ միտումնաւոր կամ ակամայ դրուած ընկերային սահմանափակումներով. եւ (գ) ընկերութեան իսլամիսթ հատուածներուն կողմէ դիտուած «կարծր այլականացումը», որ ոչ-իսլամները կը ներկայացնէ իբրեւ «անհաւատներ» (infidel), հետեւաբար, ըստ սահմանումին, երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:
Յիսուն տարի առաջ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեան նկատած է, որ հայերը եւ ոչ-իսլամ այլ համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ «դէմ յանդիման կը գտնուին անբարենպաստ այնպիսի գործօններու, որ անոնց ապագան լաւագոյն պարագային անկայուն կը դարձնէ»:
Այսօր իրավիճակը ոչ միայն անկայուն է, այլեւ՝ չափազանց ճգնաժամային: Միջին Արեւելքի հայերուն եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներուն առջեւ ծառացած իրողութիւնները կը պատկերեն անորոշ ապագայ մը, որովհետեւ յամեցող հակամարտութիւնները կրնան շարունակուիլ երկար տարիներ: Ինչպէս այս գլուխին ենթավերնագիրը կը նշէ, վտանգուած է եւ թերեւս ապագային կորսուելու է անցեալին մէջ արմատացած Միջին Արեւելքի ամէնէն հարուստ կրօնական եւ մշակութային ժառանգութիւններէն մէկը»:
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան,
ընկերաբան, սփիւռքագէտ, Սփիւռքի նորարարական ծրագիրներու հեղինակ եւ գործադիր, «Տարբերակ 21»


















































