Կ’ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքով Թուրքիոյ պետութեան դէմ բացուած դատը նոյն ընթացքով կը շարունակուի: Այս ուղղութեամբ կարեւոր հանգրուաններուն տեղեակ պահեցինք մեր ժողովուրդի զաւակները, յիշեալ դատը նկատելով մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ դատը, ինչպէս նաեւ առաջին եւ յանդուգն քայլ մը՝ ազգային պահանջատիրութեան իրաւական մարզէն ներս:
Արդարեւ, թրքական դատարաններու նախադատ ատեաններէն ետք, ուր յետ քննութեան մերժուած ըլլալով դատը, այժմ ան կը գտնուի վճռաբեկ ատեանին մօտ: Յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ սահմանադրական դատարան, որմէ ետք պիտի ուղղուինք դէպի Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան:
Այս ծիրէն ներս, մի քանի օրեր առաջ, Կաթողիկոսարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Սիսի դատին իրաւական յանձնախումբի անդամներէն նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի, փրոֆ. Թենի Սիմոնեանի եւ փաստաբան Ճէմ Սօֆուօղլուի մասնակցութեամբ, եւ քննուելէ ետք դատի իրաւական գործընթացքի նախկին հանգրուանները, ընդհանուր գիծերով ճշդուեցան յառաջիկայ քայլերը: Այս մասին նոր զարգացումներու լոյսին տակ բնականաբար տեղեակ պիտի պահենք մեր ժողովուրդի զաւակները:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ


















































