Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Յունուար 2026, Երկուշաբթի իրիկուն, Էսաեան Սանուց Միութեան սրահին մէջ նախագահեց Ռոպէր Հատտէճեանի ծննդեան հարիւրամեակին ձօնուած յուշերեկոյին։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Պէյօղլուի եկեղեցեաց քարոզիչ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան, Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆեներճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Տէյիրմէնճեան, Մխիթարեան ուխտէն Գերյ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։
Էսաեան Սանուց Միութեան վարչութեան Ատենապետ Մարիամ Տրամէրեան կատարեց հանդիսավարութիւնը եւ ողջունեց ներկաները, տեղեկութիւններ տուաւ Ռոպէր Հատտէճեանի մասին։
Կատարուեցաւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն մը՝ Ռ. Հատտէճեանի լուսանկարներէն ու ձայնէն բաղկացեալ։
Բանախօսեց Պէյրութի Ծաղիկ պարբերականի գլխաւոր խմբագիր, հրապարակախօս Յակոբ Տիւնեայեան եւ լուսահոգի Հատտէճեանէ մէջբերումներով պատմեց զայն։ Անդրադարձաւ անոր գրական վաստակին, Հատտէճեան մարդու, գրչեղբօր, խմբագիր, հրապարակախօսի մասին։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ անհատապէս եւ միասնական ելոյթներ ունեցան դաշնակահարուհի Աննա Գէորգեան-Ուղուրլեան, մեներգիչներ՝ Լիւսի Գահվէճիօղլու եւ Սէրճան Կազէրօղլու։
Ուղերձներ արտասանուեցան կամ կարդացուեցան։ Մարիամ Տրամէրեան կարդաց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Կառավարիչ Գերպ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, պատմական գիտութիւններու Դոկտ. Յասմիկ Ստեփանեանի, Լոյս մետիայի սեփականատէր եւ Հանրապետութեան Նախագահի մշակութային խորհրդական յանձնախումբի անդամ Արամ Գուրանի նամակները։ Գարէն Թէրզեան կարդաց Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի եւ Նաիրա Սիւզմէ՝ Սփիւռք գիտաուսումնական կեդրոնի հիմնադիր Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանի եւ նոյն կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեանի ուղերձները։ Պօղոս Չալկըճեան կարդաց Իգնա Սարըասլանի գրութիւնը, ձօնուած Ռ. Հատտէճեանին։
Մարալ պարախումբէն Լարա Սուլուօղլու եւ Ռիթա Գալտըրը հանդէս եկան պարով։
Իր ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Սիլվա Կոմիկեան եւ արտասանեց Ռ. Հատտէճեանի արձակ գործերէն նմոյշներ։
Յանուն Մարմարա օրաթերթի եւ Հատտէճեան ընտանիքի շնորհակալութեան խօսք արտասանեց թերթի Հրատարակութեան տնօրէն Արի Հատտէճեան եւ զգացուած ըսաւ, որ դիւրահաղորդ ու հռետոր էր հանգուցեալ հայրը եւ հանգիստ կրնար խօսիլ հանրութեան։ Արի Հատտէճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հոգեւոր հայրերուն, մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն
Յայտագրի աւարտին բերուեցաւ դարադարձի կարկանդակը եւ կտրուեցաւ Ռապէր Հատտէճեանի որդիներու՝ Արի եւ Այգ Հատտէճեաններու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ։
Հուսկ բանքը արտասանեեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ ներկաները հրաւիրեց դառնալու դէպի անցեալ, դէպի Ռ. Հատտէճեանի 20-րդ տարեդարձի օրը, երբ հաւանաբար հնչած էին յաջողութեան, առողջութեան, սիրոյ եւ երջանկութեան, կեանքի երկատեւութեան մաղթանքներ։ «Բոլոր այդ մաղթանքները իրականացան։ Ռ. Հատտէճեան ընդգրկեց իր սիրած ասպարէզը եւ դարձաւ հանրայայտ անուն, երկար ապրեցաւ՝ բեղուն գործունէութեամբ, սիրուեցաւ որպէս ամուսին եւ հայր, առողջ կեանք մը ունեցաւ եւ մինչեւ վերջին հինգ տարիները մնաց գործի գլուխ, երջանիկ հայր մը եղաւ լաւ դաստիարակութիւն տալով իր զաւակներուն», ըսաւ Պատրիարք Հայրը, հիմա մաղթելով որ սերունդներ Ռ. Հատտէճեանի յիշատակը ապրեցնեն ու արժեւորեն անոր մեծ վաստակը։
Միջոցառումի աւարտին հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ։
Պատրիարքութիւն hայոց
Լուսանկարներ՝ ՄԱՐՄԱՐԱ


















































