Vatican News. Չորեքշաբթի, 28 յունուարին առաւօտեան կայացած ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը ոգեկոչեց երեկ նշուած «Հոլոքոստ»-ի զոհերու յիշատակի օրը, հայցելով Աստուծմէ աշխարհ մը՝ զերծ հակասեմականութենէ, նախապաշարումներէ, հարստահարութիւններէն եւ հալածանքներէ ու հիմնուած «փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց բարիքի վրայ»։
«Երէկ կը նշուէր ողջակիզման (Holocaust) զոհերու յիշատակի միջազգային օրը, որուն պատճառով միլիոնաւոր հրեաներ եւ բազմաթիւ այլ անձեր մահուան մատնուեցան։ Այս տարեկան ցաւալի յիշատակի առթիւ, Ամենակալէն կը հայցեմ պարգեւը աշխարհի մը՝ զերծ հակասեմականութենէ, նախապաշարումներէ, հարստահարութենէ եւ հալածանքներէ՝ ոեւէ մարդկային արարածի դէմ։ Կը վերահաստատեմ կոչս միջազգային ընտանիքին, որպէսզի միշտ արթուն մնայ, որպէսզի ցեղասպանութեան սարսափը այլեւս չհարուածէ ոչ մէկ ժողովուրդ, եւ կերտուի հասարակութիւն մը՝ հիմնուած փոխադարձ յարգանքի եւ ընդհանուր բարիքի վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր կոչին մէջ։
Վազգէն Աբարդեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում:


















































