Այսօր երեկոյ՝ Ուրբաթ, 20 Փետրուար 2026-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու ձգտող յանձնախումբին այցելութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Նաժի Խուրիի:
Նշենք, որ այս յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով, տարիներ առաջ, Աստուածամօր Աւետման տօնը Լիբանանի մէջ միացեալ ազգային տօն դարձած է:
Հանդիպման ընթացքին յանձնախումբի անդամները իրենց կատարած գործունէութեան մասին զեկոյց մը ներկայացուցին Նորին Սրբութեան:
Հայրապետը, իր կարգին, գնահատելով յանձնախումբի գործունէութիւնը՝ միջ-կրօնական մարզէն ներս իր ունեցած լայն փորձառութեան լոյսին տակ կարգ մը առաջարկներ ներկայացուց:


















































