Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սաֆարովէն մինչեւ վարձկան ահաբեկիչներ Պաքուն հաւատարիմ կը մնայ իր ահաբեկչական հանգամանքով պետութիւն կառուցելու քաղաքականութեան․ «Ազդակ»

Փետրվար 21,2026 11:15

19 փետրուար 2004-ին Պուտափեշտի մէջ ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձի շրջանակներուն մէջ, ազրպէյճանցի զինուորին կողմէ դաւադրաբար կացինահար կը սպաննուէր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Կը կանխուէր ոճրագործին երկրորդ սպանութիւնը հայ երկրորդ սպայի մը:

Որոշ ժամանակ բանտարկուելէ ետք ազրպէյճանցի ոճրագործը գործարքային պայմաններով կը յանձնուէր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` պատիժը Պաքուի մէջ շարունակելու սին խոստումներով: Ոճրագործը շատ արագ Պաքուի մէջ ազգային հերոսի կոչում կը ստանար եւ գնդապետի պաշտօնի շնորհում կը ստանար:

Կացինահարումի արարքին եւ գործարքային արտայանձնումի գործողութեան պատասխանատուութեան բաժին կայ ինչպէս ՕԹԱՆ-ի, այնպէս նաեւ Պուտափեշտի համապատասխան գերատեսչութիւններուն: ՕԹԱՆ-ի պատասխանատուները առնուազն պիտի առկախէին Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի ռազմափորձերուն կամ ծրագիրներուն: Սաֆարովը ի վերջոյ անձնական մասնակցութիւն չէ, որ բերած էր այդ ռազմափորձերուն: Իսկ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը կա՛մ հոգեկան առողջութեան համապատասխան քննութենէ չեն անցըներ իրենց զինուորները, կա՛մ ալ այնպիսի դաստիարակութիւն կը փոխանցեն, որ կը ձեւաւորուին հայատեաց Սաֆարովներ: ՕԹԱՆ-ը համապատասխան միջոցներուն չէ դիմած նման յանցագործութեամբ հանդէս եկած Պաքուին նկատմամբ:

Պարզ է, որ Պուտափեշտը գումարային գործարքներու շրջանակներուն մէջ քաջ գիտնալով ոճրագործին հերոսացումի գործողութեան նպատակը, արտայանձնած է յանցագործը: Հունգարիան Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւն է. Հունգարիոյ կնքած գործարքին համապատասխան գնահատական չէ տուած նաեւ Եւրոպական Միութիւնը: Յայտարարութիւնները, կոչերն ու բանաձեւերը հիմնական քայլեր չեն յանցագործութեան դատապարտումի եւ մանաւանդ իրաւական պատասխան ապահովելու ուղղութեամբ: Պուտափեշտի հետ Երեւանի դիւանագիտական յարաբերութիւններու առկախումը որեւէ գործնական հետեւանք չէ գրանցած: Այսօր այդ խնդիրը արդէն շրջանցուած է ընդհանրապէս: Մինչ այդ Հունգարիան վեթոյի իրաւունքով կը սպառնար եւ զայն կ՛օգտագործէր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Եւրոպական Միութեան ծրագիրներու ընթացք տալու քննարկումներուն:

Սաֆարովի հերոսացումը ազրպէյճանցի ներքին լսարանին բաւարարութիւն ապահովելու, վարկանիշի առաւելներ ձեռք ձգելու նպատակները կը հետապնդեն: Միաժամանակ` Սաֆարովին օրինակը վարակիչ դարձնելու ուղերձ կը փոխանցեն:

Այս բոլորէն ետք, Ազրպէյճանի ղեկավարը Նիւրեմպերկի եւ նացիներու հետ համեմատութիւն կը կատարէ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարութեան: Պարտադրելէ ետք, որ Երեւանը իր դատական հայցերը չեղարկէ միջազգային ատեաններու մօտ, փոխանակելէ եւ փրկելէ ետք Երեւան պահուած օտար վարձկան ահաբեկիչները, որոնք հաւաքագրուած էին Ազրպէյճանի կողմէ, հիմա նման յոխորտանքներով հանդէս կու գայ:

Սաֆարովէն մինչեւ վարձկան ահաբեկիչներ Պաքուն հաւատարիմ կը մնայ իր ահաբեկչական հանգամանքով պետութիւն կառուցելու քաղաքականութեան: Սումկայիթէն մինչեւ Արցախ` անցնելով Պուտափեշտէն, նոյն վարքագիծը կը շարունակուի այս անգամ յանցագործութիւնները հայկական կողմին վրայ բարդելով:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728