Չորեքշաբթի, 25 Փետրուար, 2026-ին, Բեթղեհէմի Սուրբ Ծննդեան տաճարի իրաւատէր Հայոց Սրբոց Յակոբեանց Զինուորեալ միաբանութիւնը, գլխաւորութեամբ Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հօր, այցելեց Սուրբ Ծննդեան քարայր՝ մօտէն հետեւելու վերականգնման աշխատանքներու ընթացքին։
Այցը կը յաջորդէ Պաղեստինի նախագահ՝ Վսեմաշուք Տիար Մահմուտ Ապասի 2024 թուականի հրամանագրին, որով նախատեսուած էր Սուրբ Ծննդեան քարայրի վերականգնումը: Ծրագիրը մաս կը կազմէ Սուրբ Ծննդեան տաճարի 2013 թ.-ին սկսուած համապարփակ նորոգութեան:
Նախագահ Ապասի հրամանագիրը կը շեշտէ այս հոգեւոր, կրօնական եւ ազգային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ միաժամանակ յստակ կերպով պաշտպանելով Սուրբ Ծննդեան տաճարի երեք իրաւատէր եկեղեցիներու՝ Յունաց, Հայոց եւ Լատիններու Status Quo-ի իրաւունքները:
Աշխատանքները կ’իրականացնէ իտալական Piacenti ընկերութիւնը՝ միջազգային գիտական բարձր չափանիշներով եւ Status Quo-ի լիակատար յարգումով: Վերականգնումը նպատակ ունի ապահովելու քարայրի անվտանգութիւնը, սրբութիւնը եւ երկարակեցութիւնը:
Աշխատանքներու աւարտը նախատեսուած է մինչեւ 2026 թուականի Օգոստոս:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն


















































