Սուրիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող մարդասիրական ծանր պայմաններուն բերումով՝ արտօնած է Կարմիր Խաչի եւ Կարմիր Մահիկի ընկերութիւններու Միջազգային Դաշնութեան (IFRC) անձնակազմերուն իր տարանցիկ անցքով անցնիլ։
Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան միջազգային կազմակերպութիւններու վարչութեան տնօրէն Սաատ Պարուտ «ՍԱՆԱ» գործակալութեան յայտնած է որ «Ընդառաջելով Միջազգային Դաշնութեան խնդրանքին եւ նկատի առնելով Լիբանանի ներկայ մարդասիրական կացութիւնը, Սուրիոյ կառավարութիւնը արտօնած է կազմակերպութեան անձնակազմին եւ անոնց ընտանիքներուն՝ ըստ կարիքի օգտուիլ սուրիական տարածքէն որպէս տարանցիկ անցակէտ»։
Այս գործընթացը պիտի իրականանայ Սուրիական Արաբական Կարմիր Մահիկին հետ համակարգուած կերպով՝ ճամբորդական ընթացակարգերը դիւրացնելու եւ անձնակազմին ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար։
ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, թէ որոշումը տրուած է Լիբանանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամային իրավիճակին լոյսին տակ, որ յառաջացած է ընթացիկ ամսուն 2-էն ի վեր իսրայէլեան պատերազմական գործողութիւններու սանձազերծման եւ անոր յաջորդած ներքին տեղահանութիւններու մեծ ալիքին հետեւանքով։
Կարդացեք նաև
Միջազգային Դաշնութիւնը շրջանին մէջ գործող կարեւորագոյն մարդասիրական գործընկերներէն է։ Անձնակազմի անցքին դիւրացումը մաս կը կազմէ Սուրիոյ ջանքերուն՝ ապահովելու համար փրկարարական աշխատանքներու անխափան շարունակութիւնը եւ ապահով միջանցքներ տրամադրելու մարդասիրական ոլորտի գործիչներուն։


















































