Երէկ՝ Երկուշաբթի, 9 Մարտ 2026-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նախաձեռնութեամբ եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հանդիպում մը՝ քննարկելու համար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ու Իսրայէլի կողմէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը եւ անոր ծանր հետեւանքները:
Սոյն հանդիպումին մասնակցեցան Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը եւ անոնց ներկայացուցիչները: Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալէեմեզեան: Յայտնենք, որ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին կողմէ մասնակցեցան ընդհանուր քարտուղարը, կեդրոնական վարչութեան ատենապետը եւ Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Քարլա Խիժոյեանը:
Հանդիպման մասնակիցները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին շարունակուող եւ հետզհետէ ծաւալող պատերազմին գծով, ինչպէս նաեւ իրենց պատկերացումները ներկայացուցին: Վեհափառ Հայրապետը չորս կէտերու մէջ ամփոփուած իր տեսակէտը փոխանցեց, ուր կը շեշտուէր անմիջական զինադադար հաստատելու եւ քաղաքական երկխօսութեան ճամբով հարցերը քննելու հրամայականը: Նորին Սրբութիւնը նաեւ կը շեշտէր միջազգային օրէնքին համաձայն ազգերու ապահովութիւնը, անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Յիշեալ հանդիպումէն ետք, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, զոր կարելի է տեսնել հետեւեալ յղումի ճամբով։


















































