Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եթե՝ ոչ, իրանցիները պիտի չներեն Փաշինեանին. «Ասպարեզ»

Մարտ 12,2026 11:41 Share

Միջին Արեւելքի մէջ վերջին շաբաթներուն տեղի ունեցող զարգացումներուն լոյսին տակ, Հայաստանի հարաւային դրացի եւ բարեկամ Իրանը վերջապէս ներքաշուեցաւ Իսրայէլի դաւադրական պատերազմին մէջ։

Այս բոլորին մէջ, ընթերցողը պիտի հարցնէ․ հապա ուր է կապը այս բոլորի եւ Փաշինեանի միջեւ։ Արդարացի է եւ այս կապի ծայրը գտնելու համար պիտի վերադառնալ այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն եւ տրամաբանօրէն վերլուծել թաւշեայ յեղափոխութեան իրականացման հանգամանքները եւ անոր գլխաւոր դերակատարները եւ հոն պիտի տեսնենք Ամերիկա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու հանգրուանային վատթարացումը, ռուսական առաջին բախումները Ուկրանիոյ հետ, ՆԱՏՕ-ի ընդլայնման ծրագիրները տարածաշրջանին մէջ եւ Ռուսաստանի հռետորական եւ ոչ դրական յայտարարութիւնները, իրեն պատկանող տարածաշրջանի կորսնցնելու մտահոգութիւնը եւ այլն, եւ այլ։

Այս խուլ պայքարի մէջ, Միացեալ Նահանգները կը կառուցէ իր ամէնէն մեծ դեսպանութիւնը Հայաստանի մէջ։ Թէ ինչո՞ւ, պարզապէս յառաջիկայ տասնամեակներուն իր եւ ՆԱՏՕ-ի վերահսկողութեան տակ առնելու տարածաշրջանը, Հայաստանի, Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի համագործակցութեամբ արգելք հանդիսանալու Իրան-Ռուսաստան օրէցօր ջերմացող յարաբերութիւններուն, արգիլել Չինաստանին հասնիլ տարածաշրջան եւ ամէնէն կարեւորը՝ իրանական քարիւղին, ձեռք ձգել Ուկրանիոյ հազուագիւտ մետաղներու պաշարները, տրուած ըլլալով որ Չինաստան իր հողերուն մէջ ունի աշխարհի հազուագիւտ մետաղներու իննսուն տոկոսը եւ կրնայ որեւէ պարագայի արգելք հանդիսանալ, որ Միացեալ Նահանգներ հասու դառնան այդ յոյժ կարեւոր մետաղներուն։

Ուստի, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենար այսպէս կոչուած «խաղաղ յեղափոխութիւն» մը որ փափուկ բարձ պիտի դնէր հայ ժողովուրդի գլխին տակ եւ գործի գլուխ պիտի գար անձնաւորութիւն մը, ով պիտի խօսէր համեստ դասակարգի լեզուն, «բաժնէր անոր ցաւերն ու հանապազօրեայ մտահոգութիւնները» եւ պիտի կոչուէր «թաւշեայ յեղափոխութիւն», սակայն այս բոլորի դերն ու պարտականութիւնը պիտի ըլլար Հայաստանի պէս խիստ կարեւոր ռազմավարական երկրի իշխանութեան գլուխ կարգել Միացեալ Նահանգներու կամակատար, դրամապաշտ, ընչաքաղց ու բարոյապէս շեղուած անձնաւորութիւն մը, ով պիտի չվարանէր նոյնիսկ իր սեփական մայրը դնել զոհասեղանին, երբ իր սեփական շահերը վտանգուած ըլլային։

Փաշինեան լաւապէս կը կատարէ իրեն վստահուած դերը։ Հանգրուանային յաճախականութեամբ Հայաստանի յարաբերութիւնները փճացուց Ռուսաստանի հետ, դաւաճանեց իր սեփական ժողովուրդին, մասնաւորաբար արցախահայութեան, աւելի քան հինգ հազար մեր եղբայրներու եւ քոյրերու նահատակութեան պատճառ դարձաւ, երկրի տնտեսական, ընկերային, մէկ խօսքով բոլոր մակարդակներու վրայ քաոս պատճառեց, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ հարաւի մեր պատմական դրացի ու բարեկամ Իրանին հետ յարաբերութիւններն փճացուց, մինչեւ այն մակարդակի, որ Իրանի մէջ բարձրաստիճան մակարդակի վրայ Փաշինեանին որպէս դաւաճան կը նկատեն եւ այս բոլորը կը դրսեւորուի երբ մտիկ կ՛ընէք Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն մօտիկ խօսնակներուն եւ վերլուծաբաններուն։

Իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու ուշադրութենէն նաեւ պիտի չվրիպի այն, որ Ամերիկայի կողմէ նահատակուած հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահուան առիթով Երեւանի դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ ոեւէ պաշտօնատարի ցաւակցական գիրի բացակայութիւնը կամ նոյնիսկ դեսպանատուն չայցելելուն իրողութիւնը։

Գալիք օրերը Փաշինեանի փորձաքարը պիտի դառնան։ Փորձաքար մը, որ երկսայրի սուր է իր գլխին ճօճուող։ Հազար ու մէկ մեղքի մէջ խորասուզուած Փաշինեանը արդեօք պիտի կարենայ իր տէրերու գծած գծէն դուրս գալ եւ շնորհաւորել Իրանի նոր հոգեւոր առաջնորդ Մուջթաբա Խամենէիի նշանակումը, թէ ոչ իրանցիները պիտի չներեն Փաշինեանին։

Վարուժ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031