Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստանի իշխանութիւնները բնականօրէն պարտաւոր են յառաջիկայ ԱԺ-ին ընտրութիւններու մասնակցութեան պաշտօնական ձեւ եւ առիթ ստեղծել Սփիւռքահայ ներկայացուցիչներուն համար. «Ազգ»

Ապրիլ 10,2026 09:52 Share

Այս օրերուն, աւելի եւս մտահոգիչ է մանաւանդ Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց՝ Սփիւռքի նկատմամբ որդեգրած՝ ոչ միայն բացայայտ գաղջ, այլեւ ուղղակի արհամարհական կեցուածքը: Ահա թէ ինչու այս տողերուն հեղինակը, այս յօդուածով, յստակօրէն որպէս ազգային լուրջ քննարկման արժանի նիւթ՝ Հայաստանի ընտրութիւններուն ընդառաջ, շեշտակի կերպով կ՛արծարծէ Սփիւռք-Հայաստան փոխադարձ պարտականութեանց եւ իրաւունքներու սահմանման անխուսափելի հիմնահարցը:

… Հայաստանի իշխանութիւններուն ուշադրութեան կը յանձնենք այս առիթով, թէ իրենք պարտին համեստաբար գիտակցիլ, թէ Հայաստանի մէջ աւելի թէ նուազ յաջողութեամբ, եւ սակայն, շռայլուած պետական այլազան միջոցներով իրենց ստացած մեծ պարգեւավճարումներով կատարած աշխատանքները սփիւռքահայը ընդհանրապէս կը կատարէ բոլորովին անհատոյց, առաւել եւս իր անձնական ունեցուածքէն բաժին մը նուիրելով այլազան կրթական, մշակութային, բարեսիրական եւ յօգուտ իր համայնքին, աշխատանքներուն իրականացման համար:

Կը մատնանշենք թէ Սփիւռքի մէջ այս բոլորը 111 երկար տարիներէ ի վեր կը կատարուին մեծ դժուարութեամբ եւ տակաւին շօշափելի յաջողութեամբ, միայն եւ միայն պահպանելու համար ազգային Հայ նկարագիրը , այս յօդուածով ահա յատուկ լուսարձակի տակ դրուած, Սփիւռքի մեծ հաւաքականութեան:

Այո, Սփիւռքը ինքն է որ ամբողջովին կը փոխարինէ Հայաստանի իշխանութեանց պարտականութիւնը հանտիսացող եւ սակայն անոնց անկարողութեան պատճառաւ բացթողուած հսկայական պատասխանատուութիւնը:

… Վերջապէս, հիմնուելով այս յօդուածին մէջ տրուած պատճառաբանուած առարկայական տուեալներուն վրայ, ահա այժմ կը հասնինք ներկայ գրութեան անմիջական եւ գլխաւոր նպատակին եւ, Հայաստանի ԱԺ-ի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընդառաջ, մեր խօսքը կ՛ուղղենք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեանց:

Բազմամիլիոն թիւ ներկայացնող լայնատարած գիտակից Հայ Սփիւռքը ոչ թէ տեսականօրէն, այլ՝ առարկայականօրէն անբաժան մասն է Հայ Ազգին: Հետեւաբար որպէս Հայ ազգի միջազգային մակարդակոով ընդունուած օրինական միակ հեղինակութիւն, դուք որոշապէս պարտական էք անոր, եւ նաեւ պարտաւոր էք գուրգուրանքով ընդունիլ զայն իր այդ իսկ հանգամանքով, որպէս անբաժանելի մէկ մասը Հայ Ազգին:
Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութիւնները բնականօրէն պարտաւոր են յառաջիկայ ԱԺ-ին ընտրութիւններու մասնակցութեան պաշտօնական ձեւ եւ առիթ ստեղծել Սփիւռքահայ ներկայացուցիչներուն համար:

Անգամ մը եւս, կանխելու համար ակնկալելի անմիջական եւ դիւրին առարկութիւնները, թէ ընդհանուր կազմակերպչական կառոյց չունեցող Սփիւռքը ինչպէ՞ս է որ պիտի նշանակէ իր այդ ներկայացուցիչները, գործնական եւ տրամաբանականօրէն կը մատնանշենք, թէ հերթը նախ կը վերաբերի Հայաստանի իշխանութեանց:

Մեր պահանջն է, որ նկատի առնելով այս յօդուածին մինչեւ այստեղ ներկայացուցած հիմնական տրամաբանական պատճառաբանութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին հերթին պաշտօնապէս ընդունին ընտրութիւններուն Սփիւռքին մասնակցութեան սկզբունքը: Անկէ յետոյ է որ միայն Սփիւռքի տարբեր պատասխանատու շրջանակներու պարտականութիւնը պիտի ըլլայ գտնել, ընդհանուրին կարելի չափով բաւարարող ձեւը եւ նշանակելու իր ներկայացուցիչները:

Մինչ այդ, եւ առայժմ կրկին առաջքը առնելով ակնկալելի քաղաքացիական պատկանելիութեան օրէնսդրական խրթին արգելքները, որպէս անվիճելիօրէն գործադրելի տարբերակ՝ կ՛առաջարկենք որ Սփիւռքի վերոյիշեալ ներկայացուցիչներուն այս անգամ պաշտօնապէս տրուի ընտրութիւնները վերահսկող դիտորդի հանգամանք:

Գլխաւոր եւ որպէս անմիջպէս գործադրութեան ենթակայ ամփոփ եզրակացութիւն, երբ Հայաստանի ընտրութեանց ներկայ գտնուելու կը հրաւիրուին այլազան, նոյնիսկ եւրոպացի կամ այլ պաշտօնական դիտորդ ներկայացուցիչներ, կասկածէ վեր է, թէ Հայ ազգին անբաժան մասնիկը հանդիսացող սփիւռքահայութիւնը, առաջնահերթութեամբ իրաւունք ունի ինք եւս, գուցէ այս անգամ նուազագոյնը, «պաշտօնական դիտորդի» հանգամանքով, ներկայ ըլլալու եւ այդպէսով պաշտօնապէս մասնակից ըլլալու այդ ընտրութեանց:

Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ

Պետական բարձրագոյն՝ Member of the Order of Canada շքանշանակիր

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» շաբաթաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2026
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930