Ուրբաթ, 10 Յուլիս 2026-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը։
Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ քննարկումները ընդգրկեցին, երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին հետ առնչուած հարցեր։


















































