Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«ԱՍԱԼԱ»-ն ողջունում է

Հոկտեմբեր 10,2009 00:00

Հայ հանրային կարծիքին Հայաստան-Թուրքիա նորագոյն կապերու շուրջ

Երբ երէկ Վարդան Մամիկոնեանը իբրեւ պատմական օրինակելի տիպար նկատող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը այսօր կը դիմէ Վասակեան դիւանագիտութեան (հեռու Վասակը դաւաճանի պիտակով ներկայացնելու ընկալեալ սովորութենէն)՝ ակներեւ կը դառնայ հայ իշխանութեանց վրայ գերպետութիւններու բանեցուցած ահաւոր ճնշումը, որուն ի տես հարկաւոր են համայն հայութեան բողոքի արտայայտութիւնները ընդդէմ թրքական եւ ամերիկեան դեսպանատուներուն։

Սակայն բթամիտ քաղաքականութեան որպէս հետեւանք՝ իրենց դարն ապրած հայ աւանդական երեք կուսակցութիւնները, որոնք այլապէս կը ներկայացնեն արտասահմանի հայութեան քանի մը տոկոսը, աշխարհին դիմաց կը մրոտեն հայու պատիւը։ Յումպէտս վատնելով արտասահմանի հայութեան հայրենասիրական զգացումները՝ նշեալ կուսակցութիւնները «դավաճան» Սարգսեանի դէմ «Խանասորեան արշաւանքներ» կը բեմականացնեն հետեւելով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որը հայ իրականութեան մէջ այն միա՛կ խմբաւորումն է, որ թէ՛ պետական եւ թէ՛ կուսակցական մակարդակով կապեր հաստատած է Օսմանեան թէ Հանրապետական Թուրքիոյ հետ։

Արդարեւ, Դաշնակցութիւնն է եղած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ծրագրած ու գործադրած Երիտասարդ Թուրքերու դաշնակիցը (նոյնիսկ Ատանայի կոտորածէն ետք), Դաշնակցութիւնն է եղած Պաթումի հայեւթուրք ամօթալի դաշինքը ստորագրողը, Դաշնակցութիւնն է եղած Ալեքսանտրապոլի հայեւթուրք ապօրինի դաշինքը վաւերացնողը, Դաշնակցութիւնն է եղած Պրոմէթէի ուխտով հայեւթուրք զինակցութիւն կնքողը … Չերկարենք։ Այսօր, հրապարակի վրայ չկա՛յ դաշինք կամ զինակցութիւն, կա՛ն երկու արձանագրութիւններ …

Սակայն իր այսօրուան աղմուկ-աղաղակով՝ Դաշնակցութիւնը կա՛մ կը փորձէ իր ուսերէն թօթափել իր տխուր անցեալը, կա՛մ կը հետապնդէ շահադիտական նպատակներ։ Արտասահմանի հայուն պարտականութիւնն է ամէն միջոցներով պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հողային իրաւունքներու նուաճման ի խնդիր։ Թէեւ մէկ է հայ ազգը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի թէ արտասահմանի մէջ՝ տարբեր են պայքարի միջոցները իւրաքանչիւր շրջանէն ներս։

Հեշտ չէ անտեսել հայեւթուրք հազար եւ մա՛նաւանդ վերջին հարիւր տարուան թշնամանքը, սակայն միջազգային ներկայ իրադրութեամբ՝ Հայաստանն ու Թուրքիան կը գտնուին իբրեւ դրացի երկիրներ բնական յարաբերութիւններ վարելու ստիպողութեան ներքեւ։ Հայաստանի իշխանութիւնները ստիպուած են գործել պետական մտածողութեամբ՝ միջազգային աննպաստ կացութենեն նուազագոյն կորուստով եւ առաւելագոյն ձեռքբերումով դուրս գալու տրամադրութեամբ։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանէն մինչեւ իր այսօրուան նախագահ Սերժ Սարգսեանը, հակառակ ընկերային-տնտեսական ներքին տխուր իրավիճակի առկայութեան՝ արտաքին քաղաքականութեան ծիրէն ներս կը շարունակէ հանդէս գալ հաւասարակշիռ վարքագիծով։ Հաւատարիմ մնալով մեր պապենական հողերու ազատագրութեան ճանապարհին իր հիմնադիր-ղեկավար նահատակ Յակոբ Յակոբեանի եւ իր բազմատասնեակ նահատակներու արեամբ նուիրականացած իր քաղաքական ուղեգիծին՝ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կ՚ողջունէ հայրենի իշխանութեանց պատմական խիզախ քայլերը։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել