Լրահոս
Օրվա լրահոսը

27 Տարի Առաջ Միեւնոյն Վայրը. aztagdaily.com

Փետրվար 20,2015 11:44

Վերջին օրերուն իրադրութիւնները այնպիսի ընթացք առին, որ այսօր` 20 փետրուարին, Ազատութիւն հրապարակին վրայ պիտի կայանար հանրահաւաք, որուն հետեւանքներուն մասին կանխատեսումներ կատարելու համար անպայման մտավախութեամբ պիտի յիշուէին ներհասարակական լարուածութիւնը, պառակտումը, ոստիկանութիւն-ցուցարարներ բախումները. այլ խօսքով, մարտի մէկեան տխուր յուշերու վերաթարմացումները:

27 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն, միեւնոյն տեղը ծայր կ՛առնէր Արցախեան հարցի զօրակցութեան շարժումը` աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Երեւանի վրայ եւ ազդանշանը տալով Խորհրդային Միութեան փլուզման: 27 տարի առաջ նոյն վայրը խորհրդանիշի վերածուած էր մէկութեան, միահամուռ կեցուածքի, համահայկական օրակարգի առաջադրման: 27 տարի յետոյ նոյն վայրը կը սպառնար ներհայկական նոր բեւեռացումներու յառաջացման:

Միայն խորհուրդն ու թուականներու նշումները չեն անշուշտ, որոնք նման զարգացումներ կասեցնելու առաջադրութեամբ յետ կանգնեցնել պիտի տան պայթիւնավտանգ իրավիճակներու առաջնորդող քայլերը: Զինուորաքաղաքական ներկայ հանգամանքներն ու պայմանները անպայման հաշուի կ՛առնուին երկրին ու ժողովուրդին ճակատագիրով մտահոգ կազմակերպութիւններուն, ուժերուն եւ քաղաքական գործիչներուն կողմէ:

Ընկալելի է անշուշտ, որ սահմանադրական փոփոխութեան համար շրջանառութեան մէջ դրուող նախագիծերը ի վերջոյ քաղաքական դաշտի բաղադրիչները դնեն ընտրութիւն կատարելու քառուղիներուն առջեւ: Աւելի՛ն նոյնիսկ, որեւէ հանրաքուէի դրուող ճակատագրական եւ շրջադարձային հարց ջրբաժանի առջեւ կրնայ կանգնեցնել այլապէս իրարու հետ գործակցած ուժերը կամ ընդհանրապէս երկրի մը կուսակցական դաշտը: Այո-ի եւ ոչ-ի միջեւ, կամ-կամ-ի ընտրութիւնը քաղաքականօրէն կը բեւեռացնէ ամբողջ համակարգը, տուեալ պահուն, տուեալ որոշումի յանգելու առիթով: Այսպէս է, երբ ժողովրդավար երկիրներու մէջ նոյնիսկ ինքնորոշուելու իրաւունքէն մեկնած կը կազմակերպուին հանրաքուէներ, որոնց արդիւնքը կողմի մը համար անկախութեան սկզբունքը կրնայ ըլլալ, իսկ միւս կողմին համար` երկրին տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը: Օրինակը, դաշտի բեւեռացման, ժողովրդավար ընտրութիւն կատարելու եւ միաժամանակ բախումնային իրավիճակներէ հեռու մնալու եւ քաղաքակիրթ մշակոյթ ցուցադրելու Քանատայի Քեպեք նահանգն է, ուր կար բեւեռացում, կար բանավէճ, կային տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքորոշումներ, սակայն կար նաեւ հանգիստ, խաղաղ ընտրութիւն, քուէարկելու քաղաքակիրթ եղանակ եւ մանաւանդ ընտրութեան արդիւնքը չվիճարկելու եւ մեծամասնութեան կամքը յարգելու փաստացի իրականութիւն:

Անշուշտ կարելի է ըսել, որ համեմատական տրամաբանութիւնը տեղին չէ տակաւին երեսնամեայ տարիք չունեցող մեր պետութեան հետ, որ նաեւ ի վերջոյ ժողովրդավարական կարգերու ժամանակակից մշակոյթի կայացման համար չէ ամբողջացուցած բոլոր նախադրեալները: Թէ՛ երկիրը Արցախի գծով կիսապատերազմական վիճակի մէջ է, չըսելու համար յայտարարուած դանդաղ պատերազմի, եւ թէ՛ այս օրերու առաջադրանքներն ու քննարկումները նկատի ունենալով չէ յաջողած տարանջատել գործարարութիւնն ու քաղաքականութիւնը` Ազգային ժողովը վերածելու համար ըստ էութեան օրէնսդիր հաստատութեան: Հասկնալի են:

Սահմանադրական բարեփոխումները անշուշտ անհրաժեշտ են մեր երկրին: Յաւելեալ ժողովրդավարացման, պետական հաստատութիւններու իրար հակակշռման մեքենականութիւններու ճշդման եւ գործառոյթներու յստակեցման եւ քաղաքական մօտեցումներով եւրոպական քաղաքական արժէքներու համապատասխանեցման նկատառումները նկատի ունենալով: Բայց երբ քաղաքացիներու համոզումներուն մէջ ամրակայուած կը մնայ, որ բեւեռներէն մէկը բարեփոխումներու ետին կը պահէ վերարտադրանքի կարելիութիւնը, իսկ միւս կողմը միայն իշխանափոխութիւն իրականացնելով իշխանութեան տիրանալու միասեւեռումը, ապա բարեփոխումներու հետ կապուած անհրաժեշտ քննարկումները կը պարպուին իրենց նպատակայնութենէն եւ քաղաքականին հետ քաղաքացիական դաշտ կը տեղափոխեն կիրքը եւ իշխանութիւն պահելու կամ անոր տիրանալու նեղ պայքարն ու անկէ բխած բոլոր անցանկալի հետեւանքները:

Այդ հետեւանքներուն մաս կը կազմեն նաեւ բախումը, անհանդուրժողականութիւնն ու արիւնահեղութիւնը: Որոնք պէտք է բացառել. ոչ միայն 100-ամեակի նախօրէին կամ սահմանի լարուած իրավիճակին պատճառներով, այլ ընդհանրապէս 21-րդ դարու ժամանակակից պետութիւն եւ հասարակութիւն ձեւաւորելու համար: Այս հետեւանքները բացառելու համար գտնուեցան ուժեր, որոնք անկարելին կարելի դարձուցին` կանխելու համար վտանգաւոր հետեւանքները:

27 տարի առաջ, երբ կը սկսէր արցախեան համաժողովրդային շարժումը, չունէինք անկախ պետութիւն: Շարժումը կը ղեկավարէր հայրենի մտաւորականութիւնը` քաղաքական գրագիտութեան ամենաբարձր մակարդակով: Արդիւնքը` միաւորուած ժողովուրդն էր, որ յաջողեցաւ կամք պարտադրել, որ յաջողեցաւ նոյնիսկ աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակներու ստեղծման նախաքայլեր առնել:

Մեր քաղաքական դաշտը այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութիւնը ունի գրագէտ գործիչներու, եւ համարժէք դիմագիծի, էութեան: Ընդ որում թէ՛ իշխանական եւ թէ՛ ընդդիմադիր դաշտերու այս առումով մաքրազտման:

aztagdaily.com

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728