Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մայրենիին նահատակութիւնը՝ 100ամեակէն ետք ալ. «Ասպարեզ»

Դեկտեմբեր 07,2016 11:39

Ցեղասպանութեան 100ամեակէն տարի մը ետք ալ, Մայրենիին դէմ բարբարոսութիւնը, մեր լեզուին նահատակութիւնը կը շարունակուին բազմերես ու բազմայարկ «իրագործումներով», առանց փողի ու թմբուկի։

Հայաստանի սահմաններէն դուրս, սփիւռքեան երկինքներու տակ, Հայերէնին նահանջը ունի մէկ գլխաւոր խորագիր՝ օտարում հարազատ լեզուէն, եւ կը դրսեւորուի բազմաթիւ գիծերու վրայ։ Յաճախ գրուած է ու խօսուած՝ այս մասին, վաղն ալ պիտի կրկնուին ախտաճանաչումներն ու դարմանումի առաջարկները, սակայն լսող ականջները եղած են ու պիտի մնան փոքրաթիւ, դատապարտուած՝ անզօրութեան. ասոր ալ պատճառները բազմաթիւ են։ Մեր նպատակը անոնց վերաքաղը ընել չէ։

Սփիւռքը ունի «մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց» մը։ Թէեւ կան լեզուի փրկութեան կոչուած մարմիններ, հաստատութիւններ ու հիմնարկներ, նոյնինքն մեր դպրոցներն ու միութիւնները, սակայն անոնցմէ շատեր իրենք զիրենք բանտարկած են փակ օղակներու մէջ, անոնց հսկայական աշխատանքին անհաղորդ կը մնան զանգուածները, որոնք կը նախընտրեն օրօրուիլ օտարումի եւ ինքնախաբումի ալիքներուն վրայ։ Չունինք հեղինակաւոր յենարան մը, որ կարենար իսկական հակաշարժում մը ստեղծել նահանջին դէմ, թող որ որոշ հեղինակութիւններ ալ, անհատ կամ հաստատութիւն, մատնուած են անտեսումի ու լուսանցքայնացումի, անոնց ճիգերն ու առաջարկները կը մնան բութ։ (Վիճակը արդարանալի չէ, սակայն անհրաժեշտ նկատեցինք բացատրել զայն, անոր տալով «մեղմացուցիչ դէպ յանցանաց» որակումը)։

***

Հայաստանի մէջ, կացութիւնը հիմնական տարբերութիւն ունի արտերկրէն, որովհետեւ հոն կան պետութիւն, կաճառ, լեզուի տեսչութիւն եւ դեռ, շատ ու շատ հեղինակութիւններ, որոնց առաքելութիւնն ի՛սկ է կասեցնել բարբարոսութիւնները, զարկ տալ լեզուի զարգացման (որ, յամենայնդէպս, բնական ընթացք ունի պատմականօրէն)։ Սակայն, հակառակ այս հեղինակութեանց ներկայութեան, հայրենի հողին վրայ Մայրենիին նահատակութիւնը կ՛ապրի ի՛ր տարօրինակ ողբերգութիւնները, մինչդեռ սպասելի է, որ հայրենիքը ըլլայ բոլորիս ուղեցոյց փարոսը, խոտորումներէ ետ պահողն ու սայթաքողները սաստողը։ Սփիւռքը, ինչպէս նշեցինք, զուրկ է նման յենարաններէ։

Հաւանաբար որոշ ճշմարտութիւն կար այն բացատրութեան մէջ, որ արտերկրի օճախներուն ու հայրենի հողին վրայ տեղի ունեցած բարբարոսութիւնները պէտք է տեսնել իրարմէ անջատ, դիտարկել իւրաքանչիւրին ենթահողը. սակայն երբ արդէն տարիներէ ի վեր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախճիրը այլեւս չի մնար նեղ սահմաններու մէջ, պատկերասփիւռի ու համացանցի միջոցով որոշ տիրապետութիւն տարածած է արտերկրի հայ ընտանիքին վրայ, նման բացատրութիւններ ու տեսութիւններ կը դառնան ժամանակավրէպ…

Եւ որպէսզի չմնանք տեսական մատնանշումներու ոլորտին մէջ, խօսինք երկու գլխաւոր երեւոյթի մասին, որոնք համազօր են նախճիրի (բառը հաւանաբար ծանր կամ չափազանցեալ թուի, զգացական, եւ մասամբ նորին), երեւոյթներ, որոնք կսկիծ պատճառող իրականութիւններէ կը բխին ու մեզ կը հասցնեն ծիծաղելիութեան սահմաններուն. ու յաճախ, ողբը կը հասնի… ծիծաղի։

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի  կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2016
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031