Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Ինչպէ՞ս կրնաք փարատել իմ կասկածներս այն ուղղութեամբ, թէ ատելութեան այս յարձակումներու հետեւանքով յարձակումի ենթարկուած անձերը քրիստոնեայ են». Կարո Փայլանի հարցումը

Փետրվար 17,2020 11:20

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵԾ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ

Կը խնդրեմ, որ հետեւեալ հարցումներուն գրաւոր կերպով պատասխանէ ներքին գործոց նախարար պարոն Սիւլէյման Սոյլու՝ ըստ սահմանադրութեան 98-րդ եւ Ազգային ժողովի ներքին կանոնագրութեան 96-րդ եւ 99-րդ յօդուածներուն։

Կարօ ՓԱՅԼԱՆ
Տիգրանակերտի պատգամաւոր

14 փետր. 2020 թուականին, Տրապիզոնի Ս. Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ պատահած է ատելութեան յարձակում մը, որու հետեւանքով անյայտ անձեր քանդած ու հրկիզած են նորոգ հանգուցեալ Զեհրա Չոլաքի գերեզմանին խաչը։ Նախքան այս յարձակումը, Չոլաքի յուղարկաւութեան ընթացքին խումբ մը մարդիկ ուզած են սադրել արարողութիւնը՝ «Ալլահ իւլ էքպեր» բացագանչելով։

Նման յարձակում մըն ալ պատահած է 7 փետր. 2020-ին, Անգարայի քրիստոնեայ քաղաքացիներուն պատկանող Օրթագիւղի գերեզմանատան մէջ. անյայտ անձեր քանդած են 19 գերեզմանաքար։

Ուրեմն

  1. Զեհրա Չոլաքի յուղարկաւորութեան ժամանակ պատահած սադրանքի մասին նախարարութեանդ կողմէ հետաքննութիւն կը կատարուի՞ եւ արդեօք բացայայտուա՞ծ են պատասխանատուները։
  2. Տպարիզոնի եւ Անգարայի մէջ, քրիստոնէական գերեզմանատուներուն դէմ կատարուած ատելութեան յարձակումներուն պատասխանատուներուն ինքնութիւնը ճշդուա՞ծ է։ Կասկածեալները արդարադատութեան մարմիններուն յանձնուա՞ծ են։
  3. Տրապիզոնի մէջ մահացած քրիստոնեայ քաղաքացիի յուղարկաւորութեան արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած սադրանքէն ետք ինչո՞ւ հարկ եղած ապահովութեան միջոցներուն չէ ձեռնարկուած։
  4. Ինչպէ՞ս կրնաք փարատել իմ կասկածներս այն ուղղութեամբ, թէ ատելութեան այս յարձակումներու հետեւանքով յարձակումի ենթարկուած անձերը քրիստոնեայ են եւ այս պատճառով ապահովութեան պաշտօնեաները ընթացք տուած են անոնց։
  5. Հրանդ Տինքի եւ Սանթարօ վարդապետի ոճիրները գործուած էին Տրապիզոնի ոստիկանութեան կողմէ ուղղորդուած հրոսակախումբերուն կողմէ։ Տրապիզոնի ոստիկանութեան մէջ նման հրոսակախո՞ւմբ մը կայ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2020
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
242526272829