Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 22 Օգոստոս 2023, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին Պատրիարքարանի պաշտօնարանին մէջ ընդունեց Համահայկական խաղերու վօլէյպօլի մարզին մէջ երկրորդ հանդիսացած իգական խումբի մարզիկները եւ Համահայկական Խաղերու քաղաքէս մասնակից մարզիկներու խումբի պատասխանատուները։


Ընդունելութեան մասնակից պատասխանատուներ իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին եւ յայտնեցին իրենց տպաւորութիւնները։ Հայկարամ Քարասու իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ նշելով Սասուն Յանձնախումբի վարիչներուն, յատկապէս Էֆրիմ Պաղի ցուցաբերած եղբայրական կեցուածքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Համահայկական Խաղերուն քաղաքէս մարզիկներ եւս մասնակցած եւ յաջողութիւններ ձեռք բերած էին, ինչ որ պատիւ բերած էր համայնքին։
Բոլորը շնորհելով նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց թէ մարզիկներուն եւ թէ պատասխանատուներուն։
Կարդացեք նաև
Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութեան յանձնուեցաւ յուշանուէրներ։


















































