Երէկ գիշէր՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի մէջ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ «Համաշխարհայնացումը Եւ Հայ Երիտասարդը» (The Globalization and the Armenian Youth) նիւթին շուրջ:
Բացման խօսքը կատարեց Ռոզալին Թաշճեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկած նիւթը այժմէական է, որովհետեւ ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր իրականութիւններով ու տագնապներով կը ներկայանայ հայ երիտասարդին: Հետեւաբար, ի՞նչ վերաբերում պէտք է ունենայ հայ երիտասարդը զինք շրջապատող պայմաններուն ու խնդիրներուն նկատմամբ:

Իր խօսքին երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոսը խօսեցաւ համաշխարհայնացումին նկատմամբ երիտասարդութեան մօտեցման մասին: Ան ըսաւ, որ ո՛չ կրնանք համաշխարհայնացումը անտեսել եւ ո՛չ ալ փոխել: Անոր ներկայութիւնը տիրական է մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ: Սակայն, մեր վերաբերումը պէտք է ըլլայ քննական: Ճիշդ չէ համաշխարհայնացումին ներկայացուցած բոլոր երեւոյթները դիւրին ու անմիջական կերպով որդեգրել: Անհրաժեշտ է, որ հայ երիտասարդը հայ արժէքներով շաղախուած արժեչափերով մօտենայ համաշխարհայնացումին՝ ընտրելով այն, ինչ որ դրական է հայու ինքնութեան տեսանկիւնէն դիտուած: Այս հարցին մասին խօսելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց շարք մը օրինակներ մեր գաղութներու կեանքէն առնուած:
Կարդացեք նաև
Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք երիտասարդները արծարծեցին շարք մը մտահոգութիւններ ու հարցեր: Նորին Սրբութիւնը անոնց տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ՝ յիշեցնելով, որ աւագ սերունդը համաշխարհայնացած ժամանակներուն մէջ ապրող երիտասարդներուն հետ պէտք է երկխօսութիւն ունենայ ու լսէ անոնց մտահոգութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար որոնել այն ուղիներն ու միջոցները, որոնցմով կարելի դառնայ մեր երիտասարդութեան կեանքին մէջ հայու ինքնահասկացողութիւնը պահել ամուր եւ առողջ:
Cilicia TV



















































