Vatican News. Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կտակը որուն մէջ ան յայտարարած է որ կ՛ուզէ թաղուիլ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքային մէջ, Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին կողքին։
«Զգալով որ հասած է իմ երկրային կեանքին մայրամուտը եւ Յաւիտենական Կեանքի մէջ լի յոյսով, կ՛ուզեմ արտայայտել իմ կամքս միայն այն հարցին վերաբերեալ որ կը հայի իմ թաղման վայրին։ Իմ Կեանքս եւ քահանայական ու եպիսկոպոսական առաքելութիւնս միշտ ալ վստահեցայ մեր Տիրոջ Մօրը։ Ասոր համար կը խնդրեմ` որ սպասելով յարութեան օրը, իմ մահկանացու մարմինս հանգչի Մարիամ Մաճճորէ Քահանայապետական պազիլիքային մէջ։
Կը խնդրեմ որ իմ գերեզմանս պատրաստուի Պօղոսեան Մատրան` Սալուս Փոփուլի Ռոմանի մատրան կողմնակի միջանցքներէն մէկուն մէջ։ Գերեզմանը պէտք է ըլլայ գետնի վրայ, պարզ, առանց զարդարանքներու եւ միակ մէկ գրութեամբ. Ֆրանչիսքուս։
Քահաայապետին այս կտակի հետ միասին հրատարակուեցաւ նաեւ անոր մահը հաստատող հաղորդագրութիւնը որուն մէջ կը նշուի որ Ֆրանչիսկոս Պապը մահացաւ ուղեղի ու սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Կարդացեք նաև
Ռոպէր Աթթարեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: