Հալէպահայ բժիշկ, 25-ամեայ Գրիգոր Աշնագլեան 19 Յուլիս 2024-ին, Գերմանիոյ Լէյզպիկ քաղաքին մէջ անհետ կորած էր։ Ան վերջին անգամ հեռաձայնով կապ հաստատած էր իր ընտանիքին հետ, ապա հետքը կորսուած էր։
Ծնողքը կոչ ուղղած էր Գերմանիոյ պատկան մարմիններուն գտնել երիտասարդ բժիշկը, որ Գերմանիա հաստատուած էր մասնագիտական ուսման համար։
Օրեր առաջ ի յայտ եկած է, որ ան անյայտ պայմաններու մէջ մահացած է։
Ամիսներ տեւող լայնածաւալ որոնումներէ ետք, իշխանութիւնները հաստատած են, որ 5 Ապրիլ 2025-ին
Տրեփելսհայն շրջանին մէջ (Վուրցէն) գտնուած է Գրիգոր Աշնաքլեանի դին։
Լէյզպիկի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ դիին վրայ ոճրագործութեան հետք չկայ։
Աշնագլեան ճանչցուած է որպէս խելացի, ընկերասէր եւ բարոյական արժէքներով օժտուած անհատ։
«Գանձասար»