Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի (Board of Supervisors) անդամ Քեթրին Պարկըրի գրասենեակը տեղեկացուց, թէ Ապրիլը Հայոց պատմութեան ամիս հռչակելու խորհուրդին որոշումի ծիրին մէջ, Երեքշաբթի, 29 Ապրիլին գումարուած խորհուրդի նիստին ընթացքին, Պարկըր մեծարեց երեք հայորդիներ՝ դրուատելով գաւառին եւ հայ համայնքի կեանքէն մէջ առողջապահութեան, նորարարութեան եւ համայնքային սպասարկութեան ոլորտներուն մէջ անոնց յատկանշական ներդրումները։
Մեծարեալներն էին՝ Վահէ Կարապետեան, տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ տոքթ. Գառնի Պարխուտարեան։
Տոքթ. Գառնի Պարխուտարեան հեղինակաւոր ջղաբան-վիրաբոյժ մըն է եւ ներկայիս Providence Saint John’s առողջապահական կեդրոնի գլխաւոր վիրաբոյժն է, վարիչը՝ Providence St. Joseph առողջապահական կեդրոնի ջղաբանութեան բաժանմունքին. ան կը դասախօսէ «Փըսիֆիք» հիմնարկի ջղաբանութեան բաժանմունքին մէջ եւ ստանձնած է Հայ-ամերիկեան բժշկական միութեան նախագահութիւնը։
Տոքթ․ Ֆրիտա Ճորտըն հիմնադիր եւ նախագահն է Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին եւ հեղինակաւոր գիտնական մըն է պատուաստումներու եւ ծինային գիտութեան ոլորտներուն մէջ։
Կարդացեք նաև
Գործարար եւ բարերար Վահէ Կարապետեան նպաստած է համայնքներու բարգաւաճման ջանքերուն, Լոս Անճելըսի եւ Հայաստանի մէջ։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: