Հայոց Ցեղապանութեան 110-րդ տարելիցին առիթով արծարծուած նիւթերուն, զրոյցներուն եւ քննարկումներուն հիմքը կազմեցին այս առումով տարուած գիտական աշխատանքները, վաւերագրական փաստաթուղթերն ու Հայաստանի Ազգ. գրադարանի թէ Հայկական Սփիւռքի արխիւները, նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան արխիւներէն պատառիկներ (վտարանդի Թանէր Աքչամի աշխատանքով առաւելաբար)։
Բնականաբար արխիւները ոչ միայն կը պատմեն ճշմարտութիւնը, կը ներկայացնեն առարկայական տուեալներ, մարդահամարներ, նամակներ, հեռագրեր, որոշումներ եւ այլն, այլեւ կը հերքեն ուրացման փորձերն ու ապատեղեկատուական քարոզարշաւները։ Թրքական հրապարակագիրներ ու քաղաքական գործիչներ անգամ փաստաթուղթերու, արխիւներու վրայ հիմնուելով իրականութիւններ երեւան կը հանեն։
Այս բոլորը կու գան անգամ մը եւս յուշելու արխիւային եւ վաւերագրական մասնագիտական աշխատանքի կարեւորութիւնը հայկական կեանքէն ներս, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք կազմուած սփիւռքահայ գաղութներու պարագային։
Դժբախտաբար Սփիւռքի կարգ մը համայնքներ նման աշխատանքներու լայն կարելիութիւններ չեն ունեցած, որուն հետեւանքով ալ օրերու թաւալումին հետ համապատասխան աշխատանք չէ տարուած գաղութներու համապարփակ պատմութեան պահպանումը երաշխաւորող արխիւային ամբողջական ծրագիրի մը իրագործման համար, հակառակ անոր որ կարգ մը համայնքներու մէջ մասնակի աշխատանք տարուած է ու կը տարուի տակաւին գիտական բարձր մակարդակով։
Այդուհանդերձ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մեր ազգի վերապրումի ճամբան պատմութեան ապահով դարաններուն մէջ պահելու ու կորուստէ փրկելու համար, մեր շօշափելի եւ անշօշափելի մշակութային ժառանգութիւնը հաւաքագրելու եւ փաստագրելու համար անհրաժեշտ է աւելի աջալրջութեամբ հետապնդել արխիւային, վաւերագրական արժէք ունեցող թղթաբանութեան ժամանակակից միջոցներով պահպանումը:
Խմբագրական
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Գանձասար» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում: