«Եթէ կ՛այրէք դրօշակը, դուք կ՛այրէք այն՝ ինչ որ կը գիտակցիք, թէ երկիր մը ինչպիսի՛ վատ բաներ ըրած է։ Պարզապէս խորհրդանիշ մըն է: (Այլապէս) Պարզապէս կտաւի կտոր մըն է»:
Ճորճ Քարլին (1937-2008, ամերիկացի դերասան, քննադատ եւ գրագէտ)
Ապրիլ 24-ի օրերուն, հայ երիտասարդներ, Երեւանի մէջ եւ այլ քաղաքներու՝ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշակները, իբրեւ բողոքի եւ պահանջատիրական արտայայտութիւն, յիշելով եւ յիշեցնելով, որ ինչպիսի՛ վատ բաներ ըրած են այդ երկիրները: Բողոքի նման արտայայտութիւն աննախընթաց չէ, եւ սակայն, ՔՊ-ական իշխանաւորները, ամբոխահաճութեան իրենց մոլուցքով տարուած՝ զայն վերածեցին մատի փաթթոցի: Չմոռնանք նաեւ… թրքահաճութիւնը:
Փաստօրէն, սփիւռքահայերու համար տասնամեակներու՝ Հայաստանի վերանկախացումէն շատ առաջ ալ, սովորութիւն է ոճրագործ պետութեան դրօշակը այրելը, մանաւանդ երբ կը յիշատակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յետոյ, յատկապէս արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն եւ ապա դաժան պարտութենէն ետք, Ատրպէյճանի դրօշն ալ ենթարկուեցաւ միեւնոյն ճակատագրին, յաճախ կոխկռտուեցաւ եւ հրկիզուեցաւ։
Կարդացեք նաև
Այս տարի, թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ եղածները, ուրեմն, աննախընթաց չէին։ Զարմանալին եւ որոշ չափով աննախընթացը՝ երիտասարդական այս քաղաքական «աքթ»-ը բուռն կերպով քննադատուեցաւ Հայաստանի ղեկին նստած «խունթա»-ին կողմէ, որ այպանեց ցուցարարները, թէ «աժան, ընդվզեցուցիչ եւ լիրբ վերաբերմունք» դրսեւորած են, թէ՝ պատահածը քաղաքակիրթ ժողովուրդի վերաբերմունք չէ եւ անտեղի գրգռութիւն կը ստեղծէ։ Եղան մարդիկ, որոնք հասան մինչեւ հոն, որ այս արաքները նկատեցին ազերիական յարձակումի հրաւէր…:
Անշուշտ ՔՊ-ական ղեկավարութեան համար դժուար պիտի ըլլար «բացուիլ»-ն ու իրականութիւնը յայտնել․ «Այս մարդոց՝ թուրք-ազերիներուն հետ համաձայնութիւն (աննպատակ, անհաշիւ եւ պարտուողական) պիտի կնքենք․․․ Մի՛ խանգարէք»։ Ուշադիր հետեւողը պիտի նկատէ, որ ՔՊ-ականներուն եւ իրենց մունետիկներուն տեսակէտներն ու բառամթերքը լիովին կը համապատասխանէ թուրք-ազերիական քարոզչութեան, կարծէք թէ դարձած են թշնամիին բանբերը: Այս ալ աննախընթաց չէ եւ իւրայատուկ չէ Ցեղասպանութեան հարցին արծարծման տեսանկիւնէն…
Հարցում. այս մեղադրողները եւ թշնամիապաշտները ո՞ւր էին, երբ Ատրպէյճանի նախագահը Արցախի դրօշակը կը կոխկռտէր ու կը վարկաբեկէր… Ո՞ւր էին այս «բարձր դիւանագէտները», երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակէին 1915-էն շատ առաջ սկիզբ առած Ցեղասպանութիւնը՝ փոշիացնելով հայութեան մշակութային կոթողներն ու ժառանգութիւնները, նոյնը կը շարունակեն նաեւ այսօ՛ր:
Եւ արդեօք կը սխալի՞նք, երբ այս վարչախումբը կ’անուանենք թշնամիի գործակալ, անոր շահերը պաշտպանող, անոր ոճիրները հանդուրժող, եւ ներելու պատրաստակամութիւն յայտնող…
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում