Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տապալե՛լ իրանեւամերիկեան բանակցային գործընթացը կը նշանակէ Թրամփի քաղաքականութիւնը պատանդ վերցնել Կովկասի գերզգայուն բեմին վրա. «Ասպարեզ»

Մայիս 07,2025 11:45

Օմանի միջնորդութեամբ, Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ տեղի ունեցող բանակցութիւնները այժմ կը գտնուին նոր հարցականներու առջեւ։

Իրանեան կողմի Մայիսի 2ին եւ 3ին նախատեսուած հանդիպումները մէկ կողմէ՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ եւ միւս կողմէ՝ Ամերիկայի հետ վերջին պահուն յետաձգման ենթարկուեցան Ուաշինկթընէն հնչող հակասական յայտարարութիւններու պատճառով։ Յստակ է, որ Իրան մեծապէս զգոյշ է, որ բանակցային գործընթացը յանկարծ իր բնոյթը չփոխէ…

Հարցը Ամերիկայի գործադիր իշխանութեան ներքին երկուութիւններն են։ Իրան կ՛ակնկալէ, որ Թրամփի սկզբնական հաւաստիքները մնան ի զօրու։ Կողմերու միջեւ ցարդ ձեւաւորուած համախոհութեան հիմնական եզրը կը յենուէր շատ յստակ առաջադրութեան մը վրայ։ Մէկ կողմէ, Իրան կ՛ընդունէր իր միջուկային ծրագիրը հեռու պահել որեւէ ռազմականացումէ եւ զայն սահմանափակել զուտ ուժանիւթային զարգացման կարիքներու ոլորտին մէջ (բա՛ն մը, որ Իրան արդէն վաղուց ընդունած էր որպէս պաշտօնական քաղաքականութիւն եւ առ այդ իր ծրագիրը դրած՝ միջազգային վերահսկողական կառոյցներու տրամադրութեան տակ)։ Միւս կողմէ, ապահովել Ամերիկայի անուղղակի հովանաւորութիւնը՝ միջուկային իր ծրագրի ոչ-ռազմական մարզերու զարգացման համար։

Չմոռնալ, որ Իրան ստորագրած է միջազգային NPT դաշնագիրը դեռ 1970ին ինքզինք յանձնառութեան տակ դնելով իր ծրագրի ապառազմական բնոյթի պահպանման կապակցութեամբ։ Ճիշդ է, որ Իրանի վիճակացոյցը այս մարզին մէջ տեւաբար եղած է վիճարկման ենթակայ, սակայն նման վէճերը միշտ մնացած են հակակշռելի։ Եւ բնական է, որ նման խնդիրներու քննութիւնը մաս կազմէ այսօր Մասքաթի բանակցութիւններու օրակարգին։ Ասոնք բանակցային գործընթացի հերթական խնդիրներն են եւ Թրամփի ցարդ արձանագրած յաջողութիւնը Մասքաթի մէջ այս վիճելիները սեղանի վրայ պահելու կարեւոր գրաւական մըն էր բանակցային գործընթացը Ամերիկայի ազդեցութեան ծիրին մէջ ամրակայելու տեսակէտէն։

Դժուարութեան աղբիւրը պէտք է փնտռել բոլորովին այլ տեղ։ Զայն պէտք է փնտռել Իսրայէլի մէջ։ Ճիշդ է, որ Թրամփ ցարդ կարողացաւ Իրանի նկատմամբ Իսրայէլի մաքսիմալիստ (առաւելապաշտ) յաւակնութիւնները յաջողապէս զսպել, բայց այդ մէկը զուտ մարտավարական հողի վրայ ձեւաւորուած համախոհութիւն մըն էր (եւ անշուշտ Իսրայէլ փութաց «փոխարժէք»ը ստանալ Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ)։ Ակնյայտօրէն, վարչապետ Նեթանիահու չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը Իրանի վերաբերմամբ։ Իսրայէլեան թէզը կը շարունակէ մնալ նոյնը։ ԱՅՆ Է՝ ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԼՈՒԾԱՐԵ՛Լ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋՈՒԿԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ։ ԼՈՒԾԱՐԵԼ ՆՈՅՆԻՍԿ ԻՐԱ՛ՆԸ՝ ՈՐՊԷՍ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՈՒԺ։ Յամենայն դէպս միջուկային զարգացման ոլորտէն բոլորովին դուրս բերել Իրանը եւ նախընտրաբար՝ ռազմական միջամտութեա՛մբ։ Եւ անշուշտ նախընտրաբար՝ Ամերիկայի զէնքերով…

Իրականութիւնը այն է, որ Նեթանիահու արդէն կրցած է Թրամփի բերդէն ներս մտքերու պառակտում յառաջ բերել։ Ի՞նչ է Ամերիկայի յստակ պահանջը Իրանէն… Լիովին լուծարե՞լ Իրանի միջուկային ծրագիրը։ Վստահելի երաշխիքնե՞ր ձեռք ձգել ծրագրի ապառազմականացման խնդրով։ Իւրանիումի վերամշակման հարցով յանգիլ միջին եզրի՞ մը։ Տարածաշրջանի անվտանգային խնդիրներու ոլորտին մէջ հասնիլ ընդհանուր համաձայնութեա՞ն։ Այս կէտին վրայ, խաղաքարտերը խառնուած կը թուին ըլլալ։ Թրամփի դիւանագէտները ի՞նչ առաջնահերթութիւններով պիտի առաջնորդուին բանակցութիւններու յաջորդ փուլին մէջ։

Այս բոլորին մէջ, անուրանալի է Ուաշինկթընի եւ Եւրոպայի մայրաքաղաքներուն մէջ իսրայէլամէտ լապիի դերակատարութիւնը։ Անոր զուգընթաց՝ նաեւ թրքական եւ ատրպէյճանական լապիներու ճնշումը։ Պէտք չէ բացառել նաեւ Մոսկուայի հաւանական մասնակցութիւնը Իրանի կապակցութեամբ Թրամփի քաղաքականութիւնը խոչընդոտելու ընդհանուր ճիգին… Տապալե՛լ իրանեւամերիկեան բանակցային գործընթացը կը նշանակէ Թրամփի քաղաքականութիւնը պատանդ վերցնել Կովկասի գերզգայուն բեմին վրայ… Ո՞վ պիտի չուզէր այդ բանին հասնիլ։ Եւ ուրեմն չզարմանա՛լ՝ որ, առաջին հերթին, Ամերիկայի «բարեկամ»ներու դաշտէն գայ այդ սպառնալիքը։ Առաջին հերթին, Նեթանիահու-Ալիեւ շահերու վտանգաւոր սերտակցութենէ՛ն… եւ որուն առաջին թիրախը բնականաբար Հայաստանն է միշտ։

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031