Vatican News. Չորեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին, ընտրող 133 կարդինալները հանդիսաւոր թափօրով կ՛ուղղուին դէպի Սիքստինեան մատուռ, ուր սկիզբ կ՛ առնէ Քոնքլավը, Պապընտիր դռնփակ ժողովը։
Քահանայապետական Ծիսական Արարողապետի արտասանած «extra omnes» (բոլորը դուրս), նախադասութենէն ետքը, ընտրող Կարդինալներէն բացի, բոլոր միւսները դուրս կու գան Սիքստինեան Մատուռէն, այնտեղ կը կը մնան Արարողապետը եւ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսան, որուն ըստ Universi Dominici Gregis առաքելական սահմանադրութեան, յանձնուած է ընթերցել ընտրող Կարդինալներու համար երկրորդ խորհրդածութիւնը։ Խորհրդածութեան աւարտին, եկեղեցականը եւ Արարողապետը եւս դուրս կու գան Մատուռէն եւ սկիզբ կը տրուի քուէարկութիւններու արարողակարգին։
Ինչպէս արդէն յայտնի է ընտրութիւններու ամբողջ ընթացքին, ընտրող Կարդինալները պէտք չէ կապ ունենան դուրսի աշխարհին հետ, ու կ՛ապրին «փակեալ» իրավիճակ մը։
Վերջին Քոնքլավէն 12 տարի ետքը անգամ մը եւս Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալական Դասը կանչուած է ընտրելու Սուրբ Պետրոսին յաջորդը, ի տես Ֆրանչիսկոս Պապին մահուան, որ պատահեցաւ անցեալ 21 ապրիլին:
Կարդացեք նաև
Ռոպէր Աթթարեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: