23 Մայիսին մահուան 65-ամեակն է հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքին` Սողոմոն Թեհլիրեանի: Հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով դրոշմուած է անունը Սողոմոն Թեհլիրեանի, որ 15 մարտ 1921-ին Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ ցերեկով զգետնեց հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրուած Ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն` Թալէաթ փաշան, այդպիսով ալ անմահանալով մեր ազգային յիշողութեան մէջ:
Քեսապի Գարատուրան գիւղի հարազատ զաւակ, ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս եւ գիրքերու հեղինակ Յակոբ Կ. Մանճիկեան հետեւեալ սրտի խօսքը արտասանած է Սողոմոն Թեհլիրեանի վերանորոգուած գերեզմանի բարեկարգման առիթով:
Օրին Աւետիս Գրիգորեան այս առիթով զրուցած է հանգուցեալ Յակոբ Կ. Մանճիկեանին հետ, երախտագիտութիւն իրեն` արձանագրութիւնը երկար տարիներ բծախնդրօրէն պահած է, եւ խորին շնորհակալութիւն, որ զայն սրտբաց կերպով տրամադրած Վահան Կ. Մանճիկեանին ` զայն հրապարակելու համար: Նկատի ունենալով, որ 23 Մայիսը համայն հայութեան արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան 65-ամեակն է, դիպուկ նկատեցինք ցարդ նեղ շրջանակի մէջ մնացած այս ձայնագրութիւնը տարածել, նկատի ունենալով անոր արժէքն ու նոր սերունդներուն փոխանցելիք պատգամը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ձայնագրութեան արտագրումը` կարելի եղածին չափ պահելով հարազատութիւնը:
Սողոմոն Թեհլիրեանը Համաշխարհային Ա. պատերազմին` 1915-ին, հայ կամաւորական առաջին գունդին հետ մասնակցած էր Վասպուրականի ազատագրական բոլոր կռիւներուն: Պէտք է ըսեմ նաեւ, որ Սողոմոնին միւս բոլոր ընկերները մեր արդարահատոյցները եղան: Միսաք Թորլաքեանը պաշտպանական ճակատին վրայ մահացու կերպով վիրաւորուած էր: Վիրաւորուած էր նաեւ Արամ Երկանեանը` դարձեալ Բաշ Ապարանի պաշտպանական ճակատին վրայ: Վիրաւորուած էր ընկեր Յարութիկը` Յարութիւն Յարութիւնեանը:
Ասոնք բոլորը մասնակցած էին նախապէս մեր ազատագրական պայքարին` 1914-էն մինչեւ 1918-ը: Սողոմոնը ուրեմն Վասպուրականէն իր վերադարձին ժամանակ մը Երեւան մնալէ ետք, այն ատեն հազիւ 18-19 տարեկան էր, երբ ռուսական բանակը գրաւեց Էրզրումը (Կարինը), ապա Երզնկան, ինքը աճապարեց Երզնկա` իր ծննդավայրը, որպէսզի ձեւով մը գոնէ լուր ունենայ իր հարազատներուն, իր սիրելիներուն մասին:
Իր հայրը եւ հօրեղբայրները այն ատեն կը գտնուէին Սերպիա, բայց իր բոլոր հարազատները տակաւին կը գտնուէին Երզնկայի մէջ: Երբ հոն հասաւ, տեսաւ իր հայրենի աւերակուած տունը, տեսաւ ամայացած իր հայրենի ծննդավայրը, տեսաւ ամբողջ այդ ամայութիւնը եւ սարսափելի հոգեկան վիճակի մը ենթարկուեցաւ: Այն ատեն է, որ ծանօթացած էր Վարդան Շահպազին, որ, իր կարգին, մէկուկէս տարուան երկա՜ր ոդիսականէ մը` Սեբաստիայէն լեռներու վրայ հազարումէկ դժուարութիւններ ետք, հասած էր Երզնկա Մուրատին հետ միասին: Մուրատ այն ատեն կոչ ուղղած էր հայ ժողովուրդին` «Մէկ հայ, մէկ ոսկի»: Ասոր նպատակն էր ստեղծել ֆոնտ մը եւ իւրաքանչիւր հայ մէկ օսմանեան ոսկիով փորձէ ազատել այն որբուհիները, որբեւայրիները քիւրտերու քովէն` լեռները ապաստանած:
Երբ որ մենք ի պատիւ իրեն Լոս Անճելըսի մէջ, ուր նոր էր եկած, ընդունելութիւն-ճաշկերոյթ մը կազմակերպեցինք, իրեն տուած էինք վերջին խօսքը: Երբ բեմ բարձրացաւ խօսելու, ներկաներուն մէջէն մեզի ծանօթ շատ պատուական ազգային մը` Լոս Անճելըսէն Խորէն Փափազեանը, այնքան յուզուած էր, որ վազելով աստիճաններէն բեմ բարձրացաւ, յարձակեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանին վրայ, գրկեց անոր թեւը (չեմ կրնար առանց յուզուելու պատմել) եւ սկսաւ համբուրել անոր ա՛յն ցուցամատը, որով ան քաշած էր իր հրազէնին փլթակը եւ մեր արժանապատուութիւնը փրկած էր: Ուրեմն հետագային, երբ որ կատակով ընկ. Թեհլիրեանին հետ այս դէպքը կը յիշէինք, կ՛ըսէր. «Ի՜նչ կը համբուրէ, կը խածնէր մատս, այնքա՜ն յուզուած էր մարդը»:
Այդ տեսարանը շատ խորհրդանշական էր: Եւ իրեն թելադրուեցաւ, որ նկար մը առնուի: Ինքը հայրենակից մը ունէր` Գուրգէն Ռուզկերեան, որ համբաւաւոր լուսանկարիչ էր, Փասատինա կ՛ապրէր: Առաջարկուեցաւ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանը երթայ իր հայրենակիցին մօտ, որ Ցեղասպանութեան վերապրողներէն էր, եւ որուն յաճախ ալ կ՛այցելէր ան, եւ նկարուի ճիշդ այն ձեւով, երբ գործած է իր արարքը, եւ իր այն ցուցամատը, որ սրբութեան սրբոց է, յստակօրէն շեշտակի կերպով երեւնայ:
Եթէ վերջին 2-3 օրը «Ասպարէզ» թերթին մէջ իր նկարը տեսաք, հոն կայ այդ նկարը, թէեւ փոքր է, բայց եթէ աւելի մեծցած իր բնական վիճակին մէջ, ինչպէս որ ինքը լուսանկարած էր, աւելի ցայտուն է: Գուրգէնը արուեստագէտի իր հանճարը ի գործ դրած էր եւ զինքը այնպիսի դիրքի մը վրայ դրած ու լուսանկարած է, որ Թեհլիրեանի ցուցամատը երեւի: Ասոնք խորհրդանշական բաներ են, որոնք մարդուն նկարագիրը, իր ունեցած առաքինութիւնները, արժանիքները ցոյց կու տան, եւ այդ նկարը շատ խորհրդաւոր նկար մըն է: Նկարին պատմութեան ներշնչման աղբիւրը Խորէն Փափազեանն է, որ, Աստուած գիտէ, թէ քանի՛ սիրելիներ կորսնցուցած էր հեռաւոր Մալաթիոյ` իր ծննդավայրին մէջ եւ ձեռնարկին այնքան յուզուած էր, որ ներքին մղումով մը խուժեց բեմ եւ գրկեց Սողոմոնը, որ չկրցաւ ազատիլ անոր ձեռքերէն: Յուզուած էր ոչ միայն Փափազեանը, այլ` ամբողջ ժողովուրդը, նոյնիսկ եղան ոմանք, որոնք մեղադրեցին Գուրգէն Ռուզկերեանը, թէ ինչո՞ւ չնկարեց այդ պահը, հո՛ն, բեմին վրայ, ճի՛շդ այն ձեւով, երբ Խորէն Փափազեանը գրկեց Թեհլիրեանը այդքան ինքնաբուխ եւ ամուր:
Ուրեմն ասոնք դէպքեր են, որոնք անջնջելի կերպով կը մնան մարդուն յիշողութեան մէջ: Եւ իրօք, որ բոլոր մեծութիւնները խոնարհութենէն է, որ կը սկսին, եթէ խոնարհութենէն չէ ծնած մեծութիւնը, այն մեծութիւն չի կրնար դառնալ: Եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի մեծութիւնը իր խոնարհութիւնն էր: Չեմ գիտեր, երբ որ զինքը տեսնէի, ամբողջ մարմինս տեսակ մը կ՛ըլլար, ե՛ւ կը յուզուէի ե՛ւ կ՛ուրախանայի ե՛ւ կը հիանայի, մանաւանդ որ ինքը կրցած է իր այդ հոգեկան տառապանքին մէջ ինքզինք զսպել, իր հոգեկան կարգապահութիւնը գտնել եւ այդ արարքը գործել:
Մէկ բան ալ մեծապէս ազդած է վրաս. երբ Սողոմոնը կը պատմէր, անոր պատմածները գրի կ՛առնէր իրեն պէս տառապող մարդ մը` Վահան Մինախորեանը, որ մեր մտաւորականներէն մէկն է, եւ որ իր կարգին ունի 1915 թուականի իր կեանքի ողբերգութիւնը այդ տարագրութեան ընթացքին: Թէեւ Թեհլիրեան ինք կրնար գրել, բայց Վահան Մինախորեանին գրել տուած է իր յուշերը:
Զիս կը յուզէ այն պարագան, որ Թեհլիրեան որքան յանդուգն էր, նոյնքան ալ ասպետական ոգի ունէր: Հիմա ասպետական ոգին դժուար է բացատրել, բայց ըսեմ հետեւեալ ձեւով: Եթէ կարդաք անոր յուշերը կամ վերյիշումները, կը տեսնէք, որ ինքը, երբ որ Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի մէկ կողմը վարձած էր սենեակ մը, որուն դիմացը Թալէաթ փաշան էր, որուն հետքը գտած էին, երբ Թեհլիրեան տեսաւ, որ Թալէաթ փաշան իր բնակած տունէն վար իջաւ, ինք իր հրազէնը բռնած` ցատկեց, ետեւէն վազեց, բայց Թալէաթի քալած փողոցին հակառակ ուղղութեամբ դիմացի փողոցն էր կամ մայթին վրայ էր: Ինքը կ՛ըսէ, որ գացի իրեն հետ զուգահեռ, երբ որ բաւական անցայ վար, կտրեցի փողոցը եկայ ճիշդ դիմացը, նայեցայ աչքերուն, յետոյ կրակեցի, կը պատմէ:
ՅԱԿՈԲ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում: