Եկէ՛ք, յիշենք նաեւ այդ օրերուն մեծ ժողովրդականութիւն վայելող վարչապետ Փաշինեանի արտասանած խօսքերը եւ բաղդատական մը ընենք եօթը տարի ետք, այսօրուան դաժան օրերուն, օրընդմէջ իր ցիր ու ցան ձաբռտուքներուն հետ։
«Ազգընտիր վարչապետ»-ը 2018-ին, անդրադարձաւ հարիւր տարի առաջ արձանագրուած իւրայատուկ իրադարձութեան։ Ան շեշտեց, որ հայորդին յաղթեց, որովհետեւ իր պատմութեան վերջին չորս հարիւր տարիներուն առաջին անգամ յոյսը դրաւ ո՛չ թէ ուրիշներուն, այլ ինքն իր վրայ:
Առիթէն օգտուելով, եւ պատմակերտ հերոսին հետ համեմատուելու մարմաջով, ան անվարան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ ունէր Արամ Մանուկեանի պէս նուիրեալ առաջնորդ, որ պատրաստ էր յանուն իր ժողովուրդին կռուելու մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանները եւ պատրաստ էր ոչ թէ վայելելու իշխանութեան բարիքները, այլ կրել զրկանքներ եւ զոհուիլ յանուն ժողովուրդին։ Իսկ այսօր, ՔՊ-ական իշխանութիւնը ամէն բան կը զոհէ իր վայելքին համար…
Փաշինեան այդ օր յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ հասկցաւ, թէ ազգային պետութիւնն է ինքնութեան ու արժանապատուութեան միակ երաշխիքը։ Իսկ այսօր, եօթը տարի ետք, ոստիկաններու խիտ պահակա-«խունթա»-ներով օժտուած, ան կը շարունակէ յայտարարել, թէ քաղաքացիներուն պատկանող պետութիւնն է միայն, որ կրնայ ապահովել իրաւունք, անվտանգութիւն եւ ապագայ: Ան մոռցա՜ծ է քաղաքացիներու զանգուածները, քաղաքացին դարձած են ինքը եւ քանի մը գործակիցները, որոնք իրենք իրենց «սեփականաշնորհած» են պետութեան բոլոր բարիքները:
Կարդացեք նաև
Կ’արժէ ամբողջութեամբ վերստին լոյս ընծայել իր խօսքէն հետեւեալ պարբերութիւնը․ «Հերոսական այս ճակատամարտերուն պատմութիւնը աներեւակայելի է: Ինչպէ՞ս կրցաւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած, սուրի քաշուած, թալանուած ու ոչնչացման եզրին կանգնած հայ ժողովուրդը յաղթել թրքական բանակին: Արդեօք կայի՞ն ընկերային-տնտեսական, ռազմաքաղաքական նախադրեալներ: Ո՛չ եւ երիցս ոչ: Գործնապաշտութեան եւ պարզ հաշիւով հայ ժողովուրդը յաղթելու ոչ մէկ առիթ եւ կարելիութիւն ունէր, բայց մենք յաղթեցինք, որովհետեւ սթափեցնող արթնութեամբ մը հասկցանք, որ մեր էութիւնը՝ անապատներ քշուիլն ու կոտորուիլը չէ, որ՝ մեր երակներուն մէջ կը հոսի Մեսրոպ Մաշտոցի, Արտաշէս արքայի արիւնը, մեր երակներուն մէջ կը հոսի Վարդան Մամիկոնեանի արիւնը»․․․
Այդ խօսքերէն քանի մը ամիս ետք, այս անգամ Ստեփանակերտի մէջ, վարչապետը այլ կարճ ու կտրուկ վճիռ մը՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» բացագանչած էր։ Հիմա բոլորս գիտենք, թէ անոր բոլոր յայտարարութիւնները կեղծիք էին ու սուտ, ամբոխահաճութիւն եւ մասամբ նորին, գիտենք նաեւ, որ եօթը տարի առաջ բացուած «ուղին» ո՛ւր հասցուցած է Արցախն ու Հայաստանը, ազգն ամբողջ: Ան հաւանաբար լուռ կ’երգէ. «Դեռ ճամբայ ունինք… մինչեւ ամբողջական կորուստ ու հայրենազրկում»:
«Յաղթանակի Դարը» նշելէ ետք, այդ օրերու հանրապետութեան նախագահը հիմա փախուստ տուած է եւ վերադարձած՝ Մեծն Բրիտանիա, ուրկէ ղրկած էր իր հրաժարականը, իսկ Արցախի նախագահներն ու պայքարող այրերը Պաքուի մէջ բանտարկուած են, կը ներկայանան շինծու դատարան։ Վարչապետն ալ կառչած կը մնայ իր փոքրացող ու խարխլող աթոռին։ Ամբոխահաճութեան շտեմարանն ալ դատարկուած է…
1918-ին, հայ ժողովուրդը յաղթեց, որովհետեւ որոշեց յաղթել ցեղասպան թշնամիին։ Իսկ հիմա՞․․․ արդեօք այդքա՞ն դժուար է յաղթել ներքին թշնամիին։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում