Շաբաթ` 14 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորած Յոյսի Սուրբ Տարուան նուիրուած Յոբելենական ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետքը ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները ու նախ քան իտալացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսքը, Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը խոր մտահոգութիւն արտայայտեց այն լուրերուն համար` որոնք կը տարածուին այս օրերուն։
«Իրանի և Իսրայէլի մէջ իրավիճակը լրջօրէն վատթարացած է» ըսաւ Ան կոչ ուղղելով «այս նուրբ առիթի ընթացքին» դիմելու «պատասխանատուութեան եւ բանականութեան»։
«Ոչ ոք երբեք պէտք է սպառնայ ուրիշի մը գոյութեան։ Բոլոր երկիրներու պարտականութիւնն է աջակցիլ խաղաղութեան գործին՝ հրահրելով հաշտութեան ուղիներ և խթանելով լուծումներ, որ կ՛երաշխաւորեն բոլորի անվտանգութիւնն ու արժանապատուութիւնը»։
Ռոպէր ԱԹԹԱՐԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում